Ցեղասպանութեան հարցը «Քլօի Եւ Լամար» յայտագիրին շնորհիւ՝ 2.1 միլիոն մարդու ուշադրութեան կ՛արժանանայ

ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Կիրակի, Մարտ 11ին, պասքեթպոլի հռչակաւոր խաղացող Լամար Օտըմի եւ իր կնոջ Քլօի Քարտաշեանի «Քլօի Եւ Լամար» յայտագիրին մէկ մասը յատկացուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան քննարկումին, որուն շնորհիւ Կիրակի եւ Երկուշաբթի օրերուն, Ցեղասպանութեան շուրջ հետաքրքրութիւնը զգալի աճ արձանագրած է համացանցին վրայ:

Ըստ «Կուկըլ»ի հաղորդած տեղեկութեանց, Կիրակի օր «Հայկական Ցեղասպանութիւն»ը 10րդ դիրքի հասած էր ամենաշատ փնտռուած բառերու ցանկին մէջ, իսկ Երկուշաբթի օր՝ 16րդ դիրքի:

Աւելի քան 2.1 միլիոն հոգի դիտած է յայտագիրը, որուն ընթացքին յայտագիրի արտադրողներուն խնդրանքով՝ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրը տեղեկութիւններ տրամադրած է, ինչպէս նաեւ ցուցադրուած են ՀԵԴի կողմէ կազմակերպուած ցոյցերէն տեսարաններ, որոնք համադրուած էին Արմէն Վարդանեանի ու Ճասթին Գալաճեանի կողմէ:

Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրի գործադիր վարիչ Ռաֆֆի Մոմճեան ողջունեց այն իորողութիւնը, որ սոյն յայտագիրը կրցած է Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ հետաքրքրութիւն յառաջացնել հսկայ զանգուածի մը մօտ:

Յայտագիրին ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը քննարկումի նիւթ դարձած է, երբ Օտըմ հրաւէր ստացած է խաղալու թրքական պասքեթպոլի խումբէ մը, սակայն Օտըմ վերջապէս որոշած է Միացեալ Նահանգներ մնալ, նկատի ունենալով Քլօիի զգայնութիւնները:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել հետեւեալ կայքէջերը՝

www.eonline.com/shows/khloe_and_lamar

www.facebook.com/khloeandlamar

www.GenocideEducation.org/

www.facebook.com/genedpro

amvcreative.com/

www.ayfwest.org; http://www.ayf.org

www.facebook.com/ayfwest; http://www.facebook.com/ayfeast

http://asbarez.com/arm/125218/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ