Անգլիոյ մէջ ցուցադրուեցաւ վաւերագրական նոր ժապաւէն Արշիլ Կորքիի մասին

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- 2011-ին Արշիլ Կորքիի թոռնուհիին՝ Քոզիմա Սփէնտըրի բեմադրութեամբ Անգլիոյ մէջ ցուցադրուեցաւ «Առանց Կորքիի» (Without Gorky) վաւերագրական ժապաւէնը: Երիրապաշտ հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի կեանքը պատմող այս ժապաւէնին մէջ արուեստագէտին մասին իրենց յուշերը կը պատմեն Կորքիի կողակից, 91-ամեայ Ակնէս Մակրուտէրը (Մուկուչ) եւ դուստրերը` Մարօ եւ Նաթաշա Կորքի:

Ժապաւէնի բեմագրութիւնը կը պատկանի Քոզիմա Սփէնտըրի, որ Մարոյի դուստրն է: Կորքիի արուեստի ներշնչումի աղբիւրը հանդիսացած Մուկուչ կը պատմէ Կորքիի հետ անցուցած իր կեանքի այն հանգրուանին մասին, ուր ուրախութեան պահերուն զուգահեռ գոյութիւն ունեցած են թախիծի եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններու խախտումի բեկումնային պահեր:

Թոռնուհի Քոզիմայի ոսպնեակին դիմաց Մուկուչ, Մարօ եւ Նաթաշա կը վերակենդանացնեն ամուսին եւ հայր Կորքիի հետ իրենց յիշատակները:

Ժապաւէնին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուին Կորքիի ընտանեկան արխիւին պատկանող լուսանկարներ, իսկ ժապաւէնի բարձրակէտը կը հանդիսանայ Կորքիի ծննդավայր Խորգոմի յատկացուած բաժինը:

Հայոց Մեծ Եղեռնի դառնութիւնները ճաշակած Արշիլ Կորքի ամերիկացի Ակնէս Մակրուտէրի հետ ամուսնացած է 1941-ին եւ բախտաւորուած 2 դուստրերով: 7 տարուան ընտանեկան իր կեանքի ժամանակաշրջանի վերջին տարիները ճակատագրական դժբախտութիւններու շարանով մը կը հարուածեն արուեստագէտը: 1946-ին Միացեալ Նահանգներու Քընէթիքէթ նահանգի իր արուեստանոցին մէջ ծագած հրդեհ մը կը ոչնչացնէ իր արուեստի գործերու լաւագոյն ընտրանին հանդիսացող 27 ստեղծագործութիւններ: 1948-ին ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով կ’անդամալուծուի իր պաստառներուն վրայ գոյներուն կեանք տուող ստեղծագործ ձեռքը, որուն կը յաջորդէ աղիքային քաղցկեղի բարդ վիրահատութիւնը: Նոյն ժամանակհատուածին կինը իր երկու զաւակներուն հետ կը լքէ զինք, որ իր ծանր յուսաբեկման վերջին հարուածը կ’ըլլայ: Յուլիս 21 1948-ին 44-ամեայ Արշիլ Կորքի-Ատոյեան անձնասպանութեամբ վերջ կու տայ իր կեանքին:

Բեմադրիչ Քոզիմա Սփէնտըր կը յայտնէ, թէ 10 տարի առաջ, երբ մեծ մօր ներկայացուցած է վաւերագրական ժապաւէնին նախագիծը, մեծ մայրը մերժած է դերակատար դառնալ` պատճառաբանելով, որ եթէ ժապաւէնը Կորքիի մասին է, ուրեմն Կորքին պէտք է ըլլայ ժապաւէնի կեդրոնական տիպարը, եւ ոչ թէ ինք… Սակայն ի վերջոյ Քոզիմա յաջողած է ծրագրին մէջ ներգրաւել մեծ մայրը` անոր համոզելով, որ Արշիլ Կորքի արուեստագէտին կեանքը պատմող միակ կենդանի վկան իր կողակիցն է:

Ժապաւէնը 2012-ի Փետրուար 19-ին եւ 20-ին ներկայացուեցաւ Նիւ Եորքի Museum of Modern Art (MoMA) շարժանկարներու փառատօնին, իսկ նորաձեւութեան եւ արուեստի հանրածանօթ Vogue ամսագիրը Ապրիլի իր թիւին մէջ պիտի անդրադառնայ Քոզիմայի ֆիլմին մասին:

Վահագն Կարակաշեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ