ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեան կը հաղորդէ, որ Կիրակի, Մարտ 11ին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ընտրահաւաքի մը ընթացքին անգամ մը եւս շեշտեց, թէ պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնք մը վաւերացնելու աշխատանքին, որովհետեւ կը հաւատայ Ֆրանսայի մշակոյթի նախկին նախարար Անտրէ Մալրոյի այն համոզումին, թէ՝ «Ֆրանսան Ֆրանսա կ՛ըլլայ, երբ կը պայքարի ուրիշներուն համար»: Ան ըսաւ, թէ այս պատճառով է, որ ինք կը պաշտպանէ «հայերու վիրաւորուած յուշերը»:
Նոյն օրը, ֆրանսահայ շարժապատկեր արտադրող եւ «Սեզար» (Ֆրանսայի «Օսքար»ը) հիմնարկի նախագահ Էլեն Թերզեան յայտարարած էր, թէ նեցուկ կը կանգնի Սարքոզիի վերընտրութեան:
Մօտաւորապէս 50,000 հոգինոց հաւաքին ընթացքին Սարքոզիի սոյն ելոյթը ուղղակի սփռուեցաւ ֆրանսական շարք մը պատկերասփիւռի կայաններէն:
http://asbarez.com/arm/125029/
Leave a Reply