Անգարայի ծանր յանցագործութիւններու 11-րդ դատարանը որոշած է կարճել Սվազի ցեղասպանութեան գործը: Դատարանի հիմնաւորման մէջ կ’ըսուի, որ 7 մեղադրեալներէն երկուքը արդէն մահացած են, իսկ միւս 5-ի հանդէպ կիրառուած է ժամկէտի վաղեմութեան գործօնը:
2 Օգոստոս 1993-ին Սվազ քաղաքին մէջ իսլամ ծայրայեղականներու բողոքի գործողութիւններուն զոհ դարձած էին ալաուի մտաւորականներ: Մատըմաք հիւրանոցին մէջ հաւաքուած 37 ալաուի մտաւորականներ` հիմնականօրէն գրական աշխարհի ներկայացուցիչներ, սպանուած էին իշխանութիւններու ոչ բաւարար ուշադրութեան հետեւանքով:
Թրքական դատարանի` այսօր կայացուցած որոշման պատճառով Անգարայի փողոցներուն մէջ ցոյցեր սկսուած են: Ոստիկանութիւնը ցուցարաները ցրուելու համար արցունքաբեր կազ եւ մահակներ կիրառած է:
Ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըճտարօղլու դատավարութեան կարճումը ու մեղաւորներուն չպատժելը «Թուրքիոյ բիծը» համարած է:
Սվազի դէպքերուն անդրադարձած է նաեւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան: Լրագրողներու հարցին ի պատասխան` ան միայն ըսած է. «Մեր ժողովուրդին համար, մեր պետութեան համար թող բարին ըլլայ»:
Leave a Reply