ՖՐԱՆՍԱ, «Նուվել տ՛Արմէնի».- Ֆրանսայի Էլիզէ պալատին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ քանի մը օր առաջ ունեցած հանդիպումէն ետք, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Միշել Ղազարեան (Լիոն), Փասքալ Շամասեան (Մարսէյ), Ալեքսիս Գովսիյեանը, Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան (Փարիզ), հանդիպում ունեցած է ընկերվարականներու կողմէ նախագահական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու Համակարգող խորհուրդի (CCAF) ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Երկուշաբթի օր՝ 12 Մարտին, Ֆրանսուա Հոլանտ անգամ մը եւս պատրաստակամութիւն յայտնած է աշխատանք տանելու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող պատիժ սահմանելու գծով։ Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահի թեկնածուն պարտականութիւն ստանձնած է իր ժամկէտի սկիզբը ներկայացնել կառավարական օրինագիծ, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն վաւերացնել։ Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ եթէ պետութեան ղեկավար դառնայ, Ֆրանսայի համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ՝ Եւրոպայի անդամակցութեան հիմնական չափանիշներէն մէկը։ Բացի անկէ, ան սկզբունքով համաձայն է Փարիզի մէջ կառուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-յուշահամալիր, որ նախատեսուած է հիմնել 2015 թուականին՝ մարդկութեան դէմ գործադրուած այս ոճիրին 100ամեակի շրջագիծին մէջ։ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտարարած է, որ յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուած գործողութիւններու վերսկսումը կանխարգիլելու հարցին նկատմամբ։
Համակարգող խորհուրդը կ՛ողջունէ Ֆրանսուա Հոլանտի կեցուածքը՝ Հայկական հարցին հաւատարիմ ըլլալու, ինչպէս նաեւ անոր վճռական փափաքը՝ իր նախագահական ժամանակաշրջանի սկիզբն իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացման օրինագիծի ընդունման աշխատանք տանելու։
http://asbarez.com/arm/125212/
Leave a Reply