Հաճոյքով կը հաղորդենք, որ Ռ. Հատտէճեանի «Յուշատետր» շարքէն լոյս տեսաւ նոր հատոր մը եւս` «Դիմանկարներ», որ կը կազմէ Յուշատետր շարքի 26-րդ հատորը։
1993-ին հրատարակուած «Յուշատետր»երու հաւաքածոյ մըն է այս մէկը։ Ինչպէս գիտեն մեր գրասէր ընթերցողները, մէկ կողմէ, երբ կը հրատարակուին շարքին նոր յօդուածաշարքերը, որոնք պտոյտներ կը կատարեն մեր գրականութեան քուլիսներուն մէջ, մեր Խմբագրապետը մէկ կողմէ ալ կը ջանայ հատորներու վերածել այն հիները, որոնք տակաւին գրքի չեն վերածուած։
«Դիմանկարներ» շարքը նախ կը բացուի նոյն անունը կրող բաժինով մը, ուր հեղինակը կէս լուրջ-կէս կատակ կը նկարագրէ մեր անմիջական շրջապատէն ընտրուած մարդիկ, անանուն մարդիկ, որոնք կը յատկանշուին իրենց ժխտական կամ դրական կողմերով։ Հեղինակը արդէն սապէս կը ծանօթացնէ այս բաժինը.
«21 դիմանկարներ ներկայացուած են այս հատորին մէջ, բայց մեր կեանքին մէջ հազարաւորներ կան անոնցմէ։ Որպէս խմբագիր ու գրող` ես յաճախ գործ ունեցայ անոնց հետ. երբեմն սիրով սեղմեցի անոնց ձեռքը, երբեմն ալ ջանացի խուսափիլ անոնց ձեռքի ու բռունցքի հարուածներէն։ Բայց վերջին խօսքը, ինչպէս կը հաւատամ, միշտ կը պատկանի դրականին ու լաւ բանին։ Եւ ըսեմ, որ կը հաւատամ, թէ մեր եւ ուրիշ հարիւրաւոր հասցէներու միջեւ կամուրջներ կան, եւ այդ կամուրջներուն վրայէն անծանօթ հասցէներու կը ղրկուին սիրոյ խօսքեր ու շունչեր»։
Ուրիշ բազմաթիւ բաժիններով ճոխացած այս հատորին մէջ վերջապէս տեղ գտած է նաեւ Մեսրոպ Մաշտոցին ու Թարգմանիչ Վարդապետներուն նուիրուած բաժին մը, որուն առաջին յօդուածը` «Մեսրոպ Մաշտոց», վերջին տարիներու ընթացքին անհամար անգամներ մեր բեմերուն վրայ անօրինակ յաջողութեամբ արտասանուեցաւ ասմունքի իշխանուհի Սիլվա Կոմիկեանի կողմէ։
Գեղատիպ գիրքին որպէս կողքի նկար` օգտագործուած է Ֆրանսահայ անուանի նկարիչ Րիշար Ժէրանեանի շատ գեղեցիկ մէկ իւղաներկը։
Աւելցնենք, որ մամուլի տակ է եւ մօտ օրէն լոյս կը տեսնէ նաեւ «Պտոյտ Մը Հայ Գրականութեան Քուլիսներուն Մէջ» շարքին 10-րդ հատորը, որ կը բովանդակէ Արամ Անտոնեանին, Մելքոն Կիւրճեանին, Միքայէլ Կիւրճեանին, Տիգրան Կամսարականին ու Արշակուհի Թէոդիկին նուիրուած յադուածաշարքերը։
http://hyetert.blogspot.com/2012/03/blog-post.html#more
Leave a Reply