Մենք պիտի պայքարինք Հրանդ Տինքի սպանութեան բացայայտման համար. ազատ արձակուած լրագրողներ

Թուրքիոյ մէջ ազատ արձակուած է Էրգենեկոնի գործով ձերբակալուած չորս լրագրող: Այսպէս կոչուած «Օդա TV»ի գործով ձերբակալուածներ Նետիմ Շէներ, Ահմետ Շըք, Սայիթ Չաքըր եւ Ճօշքուն Մուսլուք բանտէն ազատ արձակուած են: Սակայն գործով ձերբակալուած վեց լրագրող դեռ կը շարունակեն բանտարկուած մնալ:

Լրագրող Նետիմ Շէներ, որ մինչեւ ձերբակալութիւնը գործուն մասնակցութիւն ունեցած է Հրանդ Տինքի սպանութեան մութ կողմերը բացայայտելով եւ սպանութեան հետ ոստիկանութեան առնչութեան մասին գիրք գրած էր, ազատ արձակուելէն ետք յայտարարած է, որ «ինք բանտարկուած է Հրանդի եւ արդարութեան համար»:

«Զիս բանտարկելով՝ փորձեցին վրէժ լուծել Հրանդ Տինքի սպանութեան առնչուող իմ ըրած բացայայտումներուս համար: Բանտ մտնելէ առաջ ես ըսած եմ` «Հրանդի համար, արդարութեան համար»: Քանի դեռ Հրանդի գործը չէ բացայայտուած, ոչ ազատութեան, ոչ ալ ապահով ըլլալու մասին կրնանք խօսիլ: Բանտէն ելլելով դարձեալ նոյնը կ’ըսեմ` Հրանդի համար, արդարութեան համար: Մենք արդարութեան կարիք ունինք, եւ պայքարը անոր համար պիտի շարունակուի»,- ըսած է ան՝ բացառելով իրենց անդամակցութիւնը ահաբեկչական որեւէ խմբաւորման:

Շէներ նաեւ յայտարարած է, որ միշտ պայքարած է արդարութեան համար, եւ Տինքի սպանութեան հետ որեւէ մասնակցութիւն ունեցած մարդոց պատժելու համար իրենք հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընեն:

Ըստ CNNturk-ի՝ լրագրողներու հարցերուն պատասխանած է նաեւ Ահմեթ Շըք:

«Կիսատ մնացած արդարութիւնը այս երկրին մէջ օրինականութիւն եւ ժողովրդավարութիւն բերել չի կրնար: Մեր գործով դեռ կայ հինգ ձերբակալուած, իսկ ընդհանուր առմամբ ձերբակալուած է աւելի քան 100 լրագրող, իսկ խօսքի ազատութեան ոտնահարումները միայն լրագրողներու խնդիրները չեն: Մօտ 600 համալսարանական այդ պատճառով կը պահուի բանտի մէջ: Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը»,- ըսած է ան:

http://tert.am/hy/news/2012/03/13/dink/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ