Լրագրող Ումայ Աքթաշ Սալման՝ Կէտիկփաշայի Հայաստանեան Դպրոցի Մասին


Լրագրող Ումայ Աքթաշ Սալման այսօր ընդարձակ յօդուած մը ունի Կէտիկփաշայի աւետարանական եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գործող Հայաստանեան դպրոցի մասին ու անդրադառնալով հայաստանեան երախաներու համար ընդունուած “հիւր աշակերտ” դրութեան, կ՚ըսէ թէ այդ կարգավիճակը չի լուծեր այս դպրոցի աշակերտներու հարցերը։ Թարգմանաբար մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ յօդուածը.-

Կէտիկփաշա թաղի մէջ կօշկակարներու եւ կաշեգործներու խանութներու քով, դէպի ծով իջնող զառիվերի վրայ կը գտնուի Հայկական Աւետարանական եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ պարտէզէն մանկական պոռչտուքի ձայներ կը լսուին ու երախաներ փոքրիկ քայլերով կ՚իջնեն եկեղեցւոյ ներքնայարկը, որու դուռը “տարբեր աշխարհ”ի մը կը բացուի։ Ներքնայարկի պատերուն վրայ գունաւոր խաւաքարտերով փակցուած են աշակերտներու նկարները, իսկ միջանցքի մէջ հինգ սենեակներու դուռներ կան։ Տուփի մը չափ դասասենեակներու մէջ, երբեմն երեք, երբեմն չորս հոգիով նստած, աշակերտներ կը հետեւին իրենց ուսուցիչներու բացատրութիւններուն։ Այստեղ փախստական հայաստանցիներու զաւակներու դպրոցն է։

Դպրոցին մէջ ուսում կը ստանան 84 աշակերտներ եւ ուսուցիչներ իրենց կարելին կ՚ընեն որպէսզի անոնք անմասն չմնան իրենց հիմնական իրաւունքէն՝ ուսում ստանալէ։ Իրենց մայրերը քաղաքիս մէջ օրական մաքրութեան կ՚երթան, հիւանդներ կը խնամեն, հայրերն ալ առժամեայ գործերով կը զբաղին։ Կրթական Նախարարութիւնը այս տարեշրջանին որդեգրեց օտար երախաներու համար “հիւր աշակերտ”ի կարգավիճակը, սակայն այս որոշումը իր նպատակին չծառայեց, որովհետեւ մօտաւորապէս 30 հիւր աշակերտներ, որոնք Իսթանպուլահայ վարժարաններ կ՚այցելեն, պաշտօնական վկայական պիտի չկարենան ստանալ այդ վարժարաններէն։ Գալով Հայաստանեան դպրոցին, հոս աշակերտներ կրնան մինչեւ 5րդ դասարան ուսանիլ, յետոյ չկայ…։ Աշակերտներէն ոմանք Հայաստան կը վերադառնան ու Աւետարանական եկեղեցիէն տրուած վկայականով կը շարունակեն իրենց ուսումը, բայց հոս մնացողները… անոնք ստիպողաբար հրաժեշտ կուտան ուսումնական կեանքին։

Այնպէս կը թուի թէ “հիւր աշակերտ” կարգավիճակը որեւէ հարց չլուծեց։ Եշիլգիւղի Հայոց վարժարանի հիմնադիր Կարօ Փայլանի խօսքերով, Թուրքիոյ մէջ 10 հազար փախստական հայեր կան, մօտաւորապէս 500 ալ երախաներ, որոնցմէ գրեթէ 400 հարիւրը ուսում չի ստանար։ “Հիւր աշակերտի կարգավիճակը լուծում մը չէ, համայնքային վարժարաններու մէջ արձանագրուեցան մօտաւորապէս 30 հայաստանցի երախաներ, սակայն անոնց համար ալ դժուար է այս դրութիւնը եւ ապագայ չի խոստանար։ Այդ երախաներու խօսած հայերէնը տարբեր է, անոնցմէ ոմանք թրքերէն չեն գիտեր։ Այդ ամէնով հանդերձ, եթէ նոյնիսկ կարենան սորվիլ ու պայմաններուն յարմարիլ, անոնց վկայական չի տրուիր ու այդ երախաներու ծնողքին համար այսպիսի ուսումնառութիւն մը ի զօրու չէ”, ըսաւ Փայլան։

Միւս կողմէ, 1 Փետրուարէն սկսեալ կը գործէ նոր օրէնք մը, որ ա_լ աւելի կը դժուարացնէ այդ երախաներու ուսման գործընթացը։ Նախապէս փախստական հայաստանցի աշխատաւորներ զբօսաշրջական վիզայով վեց ամիս կը մնային երկրի մէջ, յետոյ մէկ-երկու օրուայ համար սահմանէն դուրս կ՚ելլէին ու կուգային, բայց հիմա, նոր օրէնքով անոնք սահմանէն դուրս ելլելէ ետք միայն 3 ամիս վերջ կրնան վերադառնալ Թուրքիա, ինչ որ նոր հարցեր կը ստեղծէ երախաներու ուսման համար։

Հայաստանեան դպրոցի ուսուցչուհիներէն Տոնարա Պէպուրեան ըսաւ որ իրենց աշակերտներէն երկուքը Իսթանպուլահայ վարժարաններ արձանագրուած են, բայց հոն ալ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ “Մեր երախաները արեւելահայերէն, իսկ այստեղինները արեւմտահայերէն կը խօսին։ Ասիկա դժուարութիւններ կը ստեղծէ, գացողը ետ կուգայ։ Արդէն վկայական ալ չեն ստանար։ Մինչեւ այսօր որեւէ հարց չենք ունեցած պետութեան հետ, բայց նոր օրէնքի պատճառով վախեր ունինք։ Մանկապարտիզպանուհի Մարգարիտ Աւագեանն ալ ըսաւ որ օտարահպատակներու համար ընդունուած նոր օրէնքը նոր հարցեր ու նոր արգելքներ կը ստեղծէ իրենց համար։

Լրագրողը իր յօդուածի վերջաւորութեան կը գրէ որ Հայաստանեան դպրոցը հիմնուած էր ինը տարի առաջ, քանի մը աշակերտներով։ Տարուէ տարի աշակերտներու թիւը աւելցաւ։ Ներկայիս դպրոցը կը գործէ 6 դասարաններով, 9 ուսուցիչներ կը պաշտօնավարեն 84 աշակերտներու կրթութիւնը ապահովելու համար այս ներքնայարկին մէջ։ Տարիներ առաջ եկեղեցւոյ որբանոցին մէջ մնացած է սպանեալ լրագրող Հրանդ Տինք՝ իր երեք եղբայրներուն հետ, ներկայիս որբանոցը կը ծառայէ որպէս Հրանդ Տինքի անուան Հայաստանեան դպրոց։ Հայաստանցի երախաները, հակառակ սահմանափակ կարելիութիւններուն, պոռչտուքներով կը վազվզեն միջանցքի մէջ ու խաղեր կը խաղան։ Ֆիզիքական պայմանները սահմանափակ են հոս, բայց ուսուցչական կազմը գիրկ կը բանայ բոլոր փափաքողներուն։

«ՄԱՐՄԱՐԱ»
13 Մարտ 202

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ