“Թուրքիա Կը Փորձէ Իր Հայկական Քաղաքականութիւնը Փոխանցել Ատրպէյճանի”

Յայտնի լրագրող Ճէնկիզ Աքթար “Զաման”ի մէջ հրապարակեց վերի խորագրով յօդուած մըծ զոր կարգ մը կրճատումներով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներունխ-

“Ատրպէյճան այն երկիրն էծ զոր Թուրքիա լաւ կը ճանչնայ։ Այդ հողատարածքը թրքական “Պալքաններէն մինչեւ Չինաստան” աշխարհի մէկ մասն էծ զոր մեզի համար բացայայտեցինք ցուրտ պատերազմի տարիներուն։ Ես լաւ կը յիշեմ այն թերահաւատութիւնըծ որ յայտնուեցաւ Մոլտաւիոյ մէջ քրիստոնեայ կակաուզ թուրքերու առընչութեամբ։ Շուտով յայտնի դարձաւ որ միայն էթնիք արմատները չեն բաւեր արեւելեան եղբայրներու հետ գործընկերային յարաբերութիւններ հաստատելու համար։ Վերջերս աւարտին հասաւ ծիներու քարտէսագրումըծ որ ցոյց տուաւ թէ մենք մեր էթնիք ազգականներու հետ հասարակաց այնքան ալ մեծ բաներ չունինք։ Նաեւ պարզուեցաւ որ ծինային նմանութիւններ ունինք Անատոլուի ոչ-թուրք բնակչութեան հետ։

Ռուսաստան նախ եւ առաջ կը փորձէ վերականգնել Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք կորսնցուցած իշխանութեան գոնէ մէկ մասը։ Այդ երկիրը կրցած է որոշ հսկողութիւն հաստատել տարածքաշրջանէն ներսծ բացառութեամբ Վրաստանի ու Պալթեան երկիրներու։ Գալով Ատրպէյճանիծ այդ երկիրը իր ազդեցութիւնը կը հաստատէ Թուրքիոյ վրայ։ 2009ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Փրոթոքոլները հայ-թրքական յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու ուղղութեամբ համարձակ նախաձեռնութիւն մըն էին։ Ատիկա կը նշանակէր որ 90 տարուայ մէջ առաջին անգամ ըլլալով թրքական պետութիւնը պիտի փորձէր այլ ուղղութեան մը հետեւիլծ սակայն ուժանիւթային պահանջները աւելի ծանր կշռեցին ու ստիպեցին որ Թուրքիա Ատրպէյճանը նախընտրէ։

Վերջին օրերուն Թուրքիոյ մէջ հակահայ ցոյցերը իրենց բարձրակէտին հասան։ Ցոյցին կ՚աջակցէր նաեւ Վարչապետը եւ ատիկա կը փաստէր որ Թուրքիոյ կողմէ տարուած հայկական աւանդական քաղաքականութիւնը ուժեղ էր՝ աւելի քան երբեք։ Եւ կարելի է եզրակացնել որ Թուրքիա ամբողջապէս Ատրպէյճանին փոխանցած է Հայաստանի ու հայերու նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը։ Մենք այդ մասին գրած ենք ամիսներու ընթացքին։ Թուրքիած տնտեսական ու դիւանագիտական յարաբերական վերջին յաջողութիւններու շնորհիւծ աւելի ինքնավստահ երկիր մը կը թուի։ Սակայն իրերու գնացքի դասաւորութիւնը ո_չ մէկ լաւ բան կը գուշակէ։ Օրինակծ անցեալ տարուայ 24 Ապրիլին զինուոր Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւնըծ Հրանդ Տինքի գործով դատավճիռըծ ոչ-մահմետականներու նկատմամբ սադրանքներու թիւի կտրուկ բարձրացումըծ “յաղթանակ”ի տրամադրութիւնը Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որոշումէն ետքծ իսկ այժմ ալ 26 Փետրուարի ցոյցը։

«ՄԱՐՄԱՐԱ»
10 Մարտ 2012

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ