Նոր Սահմանադրութեան համար հանդիպումներ Անգարայի մէջ

Յայտնի է թէ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ համայնքներ բաւական ժամանակ առաջ սկսած էին Թուրքիոյ նոր սահմանադրութեան մասին առաջարկներ պատրաստելու աշխատանքին, ընդ որս մեր համայնքը եւս աշխատած էր ու պատրաստած՝ նախագիծ մը։ Նկատի ունենալով, որ ոչ-իսլամ համայնքներու անունով պատրաստուած նախագիծ մը առանց վերատեսութեան ենթարկելու եւ վերջնական ձեւաւորումի ու համաձայնութեան, արդէն ներկայացուած էր Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին ձեռամբ, Պատրիարքական Աթոռս եւս, այս զարգացումներու լոյսին տակ յանուն համայնքիս ձեռնարկած էր գործի մը, որ արդիւնքն էր լայնախարիսխ աշխատութեանց։

Պատրիարքարանի երդիքին տակ, նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գումարուեցան ժողովներ։ Այս ժողովներուն մասնակցեցան Գրիգոր Տէօշէմէճեան, Յարութիւն Շանլը եւ Արման Աթընըզ, որոնք նախապէս Յունաց Պատրիարքարանի ժողովներուն ալ մասնակցած էին, նաեւ Մուրատ Պէպիրօղլու, Երուանդ Էօզուզուն, Լուիզ Պաքար, Սեդրաք Տաւութհան, Սեպուհ Ասլանկիլ եւ Թադէոս Պէպէք։ Անոնք վերատեսութեան ենթարկելով նախորդ ժողովներուն նկատի առնուած նախագիծը, պատրաստեցին այլ աշխատութիւն մը, նկատի ունենալով հայ համայնքի տեսանկիւնը եւ կարիքները, ընդելուզելով նաեւ իրաւաբաններու, ակադեմականներու, մասոագէտներու եւ համայնքային զանազան խաւերու մերձեցումներն ու գաղափարները։ Ժողովրդական զանազան խաւերու տեսակէտներն ու մերձեցումը շօշափելու գործին մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած էր Թադէոս Պէպէքի կողմէ կազմակերպուած զանազան ժողովներ։ Այսպէս յանձնախումբը փորձեց պատրաստել նախագիծ մը, որ լայնածաւալ մասնակցութեամբ կը կազմուէր, ներկայացնելով հաւասարութեան, ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան, սկզբունքներուն վրայ հիմնուած։ Այլ խօսքով, այս նախագիծի հեղինակները կը հանդիսանային ժողովրդական զանազան խաւեր, մասնագէտներ եւ ակադեմականներ։

Այսօր, 12 Մարտ 2012, Երկուշաբթի, յետմիջօրէին, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, իր հետ ունենալով յանձնախումբի անդամներէն Գրիգոր Տէօշէմէճեանը, Սեպուհ Ասլանկիլը եւ Արման Աթընըզը, մեկնեցաւ Անգարա։

Նորին Սրբազնութիւնը ժամը 14.00-ին ընդունուեցաւ Ազգ. Մեծ Ժողովի Նախագահ Ճէմիլ Չիչէքի կողմէ, ուր շուրջ քառորդ ժամուան հանդիպում մը ունեցան։

Ապա Նորին Սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները մէկտեղուեցան նոր սահմանադրութեան պատրաստութեան ենթայանձնախումբի անդամներէն Գոնիայի երեսփոխան Աթիլլա Քարթի (ՃՀՓ), Էրզրումի երեսփոխան Օքթայ Էօզթիւրքի (ՄՀՓ) եւ Տիյարպաքըրի երեսփոխան Ալթան Թանի (ՊՏՓ) հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը ներկայացուց հայ համայնքի տեսակէտներն ու առաջարկները, որոնք պատրաստուած էին, որպէսզի ներդրում ունենային կատարելի աշխատութեան (Առաջարկի բնագիրը տե՛ս

Հանդիպումներու աւարտին, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը պատասխանեց մամլոյ աշխատակիցներու հարցումներուն։

Պատուիրակութիւնը այս երեկոյեան կը վերադառնայ քաղաքս։

Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱ՝Ծ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐԸ՝ ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Ինչպէս գրուած է մեր միւս սիւնակներուն մէջ, Արամ Սրբազան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Անգարա գնաց, Նոր Սահմանադրութեան պատրաստութեան յանձնախումբին յանձնելու համար Հայ համայնքին տեսակէտներն ու առաջարկները բովանդակող թղթածրարը, որպէսզի այդ առաջարկները նկատի առնուին Նոր Սահմանադրութեան պատրաստութեան ընթացքին։

Ներկայացուած առաջարկները ամփոփուած են հետեւեալ գլուխներու մէջ.

1- Հաւասարութիւն

2- Համակեցութիւն

3- Ազատատիրութիւն

4- Կրօնքի եւ խղճի ազատութիւն

5-Մտածողութեան, արտայայտչամիջոցի եւ կազմակերպուելու ազատութիւն

6- Ուսուցման ազատութիւն

7- Մշակութային իրաւունքներ

8- Շրջապատի եւ բնութեան պահպանութիւն

9- Կալուածատիրական իրաւունք

10- Հայրենակցութիւն

«ՄԱՐՄԱՐԱ»
13 Մարտ 2012

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ