Օրուան Գլխաւոր Բանախօսը Հայ Ազգայնապաշտ Ու Յեղափոխական Շարժումներէն Պատասխանատու Նկատեց Մխիթար Սեբաստացին Ու Մխիթարեան Միաբանութիւնը
Տեղահանութեան Ընթացքին Չքաւոր Հայերուն Դրամական Օգնութիւն Կատարուեցաւ
Աֆիոնի Գոճաթէփէ Համալսարանի մէջ Պատմութեան Ակումբի կողմէ կազմակերպուեցաւ “Հայկական Ցեղասպանութեան” աշխատաժողով մը, որուն մանրամասնութիւնները ցոյց կուտան թէ աշխատաժողովի բանախօսները բաւական հեռու մնացած են գիտական լրջութենէ եւ ըրած են մեկնաբանութիւններ որոնք ծայր աստիճան վիճելի են։ Ամէնէն հետաքրքրական երեւոյթներէն մէկն ալ այն է թէ Մխիթար Սեբաստացին ու անոր կողմէ հիմնուած Մխիթարեան Միաբանութիւնը ցոյց տրուած է որպէս մէկը այն գլխաւոր ազդակներէն, որոնք յառաջացուցած են Թուրք-Հայ բախումներու քաղաքական մթնոլորտը եւ Հայոց մօտ յառաջացուցած են մոլեռանդ ազգայնապաշտութեան դիրքաւորում։
Աշխատաժողովը բացուած է անկախութեան քայլերգով ու յարգանքի լռութեամբ, ապա աշխատաժողովին ղեկավարութիւնը ստանձնած է Տքթ. Սատըք Սարըսաման։ Երկու գլխաւոր բանախօսներ էին Տքթ. Կիւրսոյ Շահին եւ Տոչ. Ահմէտ Ալթընթաշ։
Տքթ. Կիւրսոյ Շահինն է որ պաշտպանեց այն տեսակէտը թէ Թուրք-Հայ բախումներու ուսումնասիրութեան մէջ պէտք է ուշադրութիւն կեդրոնացնել Մխիթար անուն Հայ ազգայնապաշտի մը վրայ, որ հիմնած է Մխիթար կոչուած աղանդ մը։ Բանախօսը այսպէս “աղանդ” կոչելէ վերջ Մխիթարեան Միաբանութեան շարժումը, այդ շարժումը նկատած է մէկը այն գլխաւոր ազդակներէն որոնք խանգարեցին Թուրք-Հայ դարաւոր միասնութիւնն ու եղբայրութիւնը։ Ի՞նչ պատահած էր որ դարեր վերջ յանկարծ սեւ կատու մտած էր Հայերու ու Թուրքերու միջեւ։ Այս հարցումին պատասխանը գտնելու համար պէտք է նայիլ Մխիթարին գործունէութեան, ըսաւ բանախօսը ու տուաւ կենսագրական տեղեկութիւններ, պատմելով թէ ինչպէս Մխիթար չկրցաւ դիմանալ Հայ Լուսաւորչականներու ճնշումին ու ստիպուեցաւ երթալ Վենետիկ, ուր իրեն տրամադրուեցաւ Սուրբ Ղազար անուն կղզի մը։ Ան իրեն ընկերակցող 10-15 ուսանողներու հետ է որ հիմնած է իր “աղանդ”ը եւ երեւան բերած է Հայկական Ակադեմիա մը։ Մխիթարի կողմէ արծարծուած ազգայնապաշտ գաղափարախօսութիւնը անոր մահէն վերջ յառաջ տարուած է անոր ուսանողներուն կողմէ ալ եւ Մխիթարեանները այսպէս իրենց նպաստը բերած են այն կործանարար ու քանդիչ աշխատանքին զորս Հայերը ցոյց տալ սկսած են Օսմանցիներուն դէմ եւ կազմակերպիչը դարձած են քաղաքական գործունէութեան։ 1915ով ստեղծուած կացութեան մէջ իրենց պատասխանատուութիւնը ունին Մխիթարեանները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայէն եկած յեղափոխական գաղափարախօսութիւնները։
Մխիթար Սեբաստացիի մասին այս վիճելի գաղափարները մեզի կրնան յիշեցնել թէ ինչպէս ատենօք կարգ մը Թուրք մտաւորականներ “Մխիթարիսթ”ը սխալ կարդալով զայն շփոթած էին “Միլիթարիսթ” բառին հետ։
Իսկ օրուան երկրորդ գլխաւոր բանախօսը, Տոչ. Ալթընթաշ խօսեցաւ այն դերակատարութեան մասին զոր Ֆրանսա ունեցած է հայկական խնդրի մը արծարծման մէջ։
Բանախօսը դիտել տուաւ որ բազմաթիւ Հայեր կրթութեան համար Ֆրանսա գացած էին ու իրենց հետ բերած էին յեղափոխական գաղափարներ։ Ֆրանսա կրթական գետնի վրայ մեծ դեր ունեցած էր հայկական հարցի մը ստեղծման մէջ։ Բայց նոյնքան դերակատարութիւն ունեցած էր նաեւ իր արտաքին երկիրներու ներկայացուցիչներուն կողմէ յառաջ տարուած աշխատանքով։ Ֆրանսա պարտադրած էր որ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս որպէս պաշտօնական լեզու գործածուի Ֆրանսերէնը։ Ֆրանսա Հայկական հարցի արծարծման մէջ ունեցած էր ուրիշ դերակատարութիւն մըն ալ Ֆրանսական մամուլին մէջ լայն տեղ տալով Հայ գրողներու, որոնք Հայկական քարոզչութիւն կ՚ընէին այդ թերթերուն մէջ։
Այս երկու գլխաւոր բանախօսներէն վերջ Փրօֆ. Սատըք Սարըսաման եւս ելոյթ ունեցաւ ու միւսներէն աւելի վիճելի կարծիքներ յայտնեց ծանրանալով մասնաւորաբար Հայերու 1915-ի տեղահանութեան վրայ։ Այն ինչ որ Հայերը կը պոռչտան որպէս “Հայկական ցեղասպանութիւն”, այդ տեղահանութիւնն է որ սկսաւ 24 Ապրիլին Իսթանպուլի մէջ ձերբակալուած անձերով, ըսաւ ան։ Այդ օրերուն Վանը վտանգուած էր եւ Պատերազմական Նախարար Էնվէր փաշա Թալաթ Փաշային հրահանգեց որ կարգ մը միջոցառումներու դիմէ Հայերու գործունէութեան դէմ, Թալաթ Փաշան ալ ուզեց որ ատոր համար իրեն պատրաստուի օրինաւոր կռուան մը։ Այդ օրինաւոր կռուանին համար է որ պատրաստուեցաւ տեղահանութեան օրէնքը։ Այս օրէնքը հանուեցաւ Նախարարաց Խորհուրդի որոշումով։ Հայերը տեղաւորուեցան Սուրիոյ ու Իրաքի շրջաններուն մէջ։ Օրէնքը կարգ մը պայմաններ յառաջ կը քշէր։ Հայերը իրենց տեղաւորուած նոր տեղերուն մէջ բնակչութեան 10 տոկոսէն աւելի մեծ թիւ պէտք չէ կազմէին, գիւղերու մէջ ալ յիսուն տունէն աւելի հայ տուն պէտք չէ գտնուէր։ Կաթոլիկ ու Բողոքական Հայերը, որոնք եւս տեղահանութեան ենթարկուած էին, աւելի վերջ ետ կանչուեցան ու զերծ կացուցուեցան տեղահանութենէ։ Միայն Լուսաւորչականները գացին աքսորի։ Չքաւոր տեղահանուածներուն դրամական օգնութիւն կատարուեցաւ, անոնց համար մասնաւոր պիւտճէներ յատկացուեցան, միջոցներ ձեռք առնուեցան որպէսզի անոնց փոխադրութիւնը կատարուի ապահովութեան պայմաններու մէջ։ Պետութիւնը երբեք չմտաւ այն մտածելակերպին մէջ թէ “ինչ կ՚ուզեն ըլլան, եթէ պիտի մեռնին, թող մեռնին”։ Իրականութեան մէջ Թուրքերն են որ ցեղասպանութեան ենթարկուած են, շարունակեց բանախօսը։ Եւ հարցուց.
“Ի՞նչ կը կարծէք, մենք ինքնաբերաբա՞ր է որ քաշուեցանք Պալքաններէն, Սերպիայէն, Յունաստանէն, Պուլկարիայէն”։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»
10 Մարտ 2012
(*) Վերնագրին մէջ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» չակերտուած է «Մարմարա»յի մէջ. «ԱԿՈՒՆՔ»
Leave a Reply