ՊՐՒՔՍԷԼ, «Արմէնփրէս».- Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալուն եւ գրաւեալ Կիպրոսը Թուրքիոյ կցելու մասին իր յայտարարութիւններուն պատճառով քննադատուած թուրք նախարար Էկեմեն Պաղըշ, Պրիւքսէլի թուրք համայնքին հետ հանդիպումի մը ընթացքին նշած է, թէ թուրքերուն թիւը Եւրոպայի մէջ հասած է 5.5 միլիոնի, ինչ որ որոշ եւրոպական երկիրներու բնակչութենէն աւելի մեծ է՝ այս մէկը համարելով «Եւրոպան գրաւելու» առաջին քայլը:
«Այս թիւը 2020ին պիտի անցնի 6.5 միլիոնը, այնպէս որ թուրքերը արդէն գրաւած են Եւրոպան», աւելցուցած է ան եւ նշած, թէ թուրքերը 1000 տարի առաջ սկսած են դէպի Եւրոպա շարժելու: «Մի՛ մոռնաք, որ թուրքերը Միջին Ասիայէն գացած են մինչեւ Վիեննա, իսկ այժմ կու գանք Պրիւքսէլ», եզրակացուցած է ան:
Leave a Reply