Դէմքեր Հայ կնոջական շարժումէն

 Զէյնէպ Թոզտուման 

Կ’ուզեմ արտայայտուիլ` Թուրքիոյ կնոջական շարժումի հիմնադիրներէն ըլլալով հանդերձ, Օսմանեան կայսրութենէ մինչեւ օրս պետական գաղափարախօսութեան կողմէ անտեսուած, ոչնչացուած Հայ ժողովուրդի կիներուն մասին:

Զմիւռնիոյ Կին Գրողներու Միութեան նախաձեռնած այս պարբերականը կ’ողջունեմ որպէս բազմալեզու երկրի բազմալեզու հասկացողութեան ծառայելու ատակ հրատարակութիւն: Այս առթիւ կը շնորհաւորեմ հրատարակութեան յանձնախումբը, Կին Գրողներու Միութեան վարչութիւնը և բոլոր անդամները:

Էլպիս Կեսարացեան, Սրբուհի Տիւսաբ, Սիպիլ (Զապէլ Ասատուր), Զապէլ Եսայեան և Հայհանոյշ Մառք պատմութեան մէջ կը յիշուին իբրեւ հինգ հայ ֆեմինիստ գրողներ: 8 մարտ կնոջ համաշխարհային օրուան առթիւ յարգանքով կը խոնարհիմ իրենց յիշատակին առջեւ:

Ստորեւ համառօտ կը ծանօթացնեմ մեր երկրի ֆեմինիստ շարժումին առաջնորդ հանդիսացող այս հինգ հայուհիները:

Էլպիս Կեսարացեան ծնած է 1830-ին Իսթանպուլ՝ Պէշիկթաշ թաղը, և Թուրքիոյ առաջին կին լրագրողը կը համարուի: 1862-1863 թուականներուն հրատարակեց առաջին հայերէն կնոջական պարբերականը՝ «Կիթառ»-ը: Սեռերու անհաւասարութեան պատճառները վերլուծող ու հաւաքականութեան զարգացման համար կիներու ազատութեան անհրաժեշտութիւնը մատնանշող առաջին կին գրողն է:

Սրբուհի Տիւսաբ ծնաւ 1841-ին Իսթանպուլ՝ Օրթագիւղ թաղը: Քննադատեց հասարակութեան` կիներու նկատմամբ գործադրած ճնշումները: Պայքարեցաւ կիներու արհեստի ուսուցման համար: Գրող և հասարակական գործիչ Սրբուհի Տիւսաբ ջերմօրէն պաշտպանեց կիներու ուսանելու իրաւունքը: Կիներու ազատութեան խնդիրը վերլուծեց 1880-1881-ին հրատարակած երեք յօդուածներով:

Զապէլ Եսայեան առաջին Հայ կինը եղաւ, որ յաճախէ Փարիզի «Սորպոն» համալսարանը 1895-ին: Հայ գրականութեան պատմութեան մէջ կը յիշուի որպէս խաղաղասէր և հակազինուորապաշտ կին գրող: Ան իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ կինը դիտած է դասակարգային և հաւաքական սեռային տեսանկիւնէ: 1909-ին Ատանայի կոտորածներուն հետեւանքները ուսումնասիրելու համար ճամբորդած է դէպի Կիլիկեան շրջան:

Սիպիլ (Զապէլ Ասատուր) ծնած է 1863-ին Իսթանպուլ՝ Սկիւտար: Կնոջ իրաւունքներու պաշտպան և իգական սեռի ուսման նուիրեալ ուխտաւոր մը եղած է և զբաղած է ուսուցչութեամբ:

Հայկանոյշ Մառք ծնած է 1885-ին Իսթանպուլ՝ Այասփաշա: Կնոջական թերթ հրատարակող առաջին կին գրողը եղաւ: 1907-ին բնակութիւն հաստատեց մեր քաղաքը՝ Զմիւռնիա, ուր հրատարակեց «Արշալոյս» և «Արձագանգ» թերթերը:

Ամենածանր հալածանքներուն ենթարկուած Հայ ժողովուրդին այս նուիրեալ գործիչները ռահվիրաները եղան մեր երկրէն ներս կնոջական շարժումի մը սկիզբ առնելուն: Սակայն մինչ անտեսուեցաւ իրենց անունը և մոռացութեան տրուեցաւ իրենց վաստակը: Մենք` Զմիւռնիաբնակ կին գրողներ, հոգ չէ թէ հարիւր տարուայ ուշացումով՝ երջանկութիւնը կը վայելենք կիներու զօրակցութեան մեր պարտքը հատուցելով իրենց ազնիւ յիշատակին:

 http://www.oia.net/news/article.asp?aid=745

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ