Թուրքիայէն եկեղեցիներուն վերադարձը պահանջող բանաձեւը ծերակոյտ կը հասնի

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հինգշաբթի` մարտ 8 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ ծերակուտականներ Սքաթ Պրաուն, Տայեն Ֆայնսթայն եւ Մարք Քըրք Ծերակոյտին ներկայացուցած են Թուրքիայէն եկեղեցիներու եւ եկեղեցական կալուածներու ու ստացուածքներու վերադարձը պահանջող բանաձեւ մը, որ նման է Ներկայացուցիչներու տան կողմէ դեկտեմբերին վաւերացուած բանաձեւին:

Ծերակուտականները նաեւ դիմած են արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին, պահաջելով, որ ճնշումներ բանեցնէ Թուրքիոյ իշխանութեանց վրայ՝ ապահովելու համար բռնագրաւեալ եկեղեցիներու եւ կալուածներու վերադարձը, ինչպէս նաեւ` կրօնական փոքրամասնութիւններու ազատութիւնները:

Այս բանաձեւով Թուրքիայէն կը պահանջուի վերադարձնել քրիստոնեայ բոլոր փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւուած եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ` եկեղեցապատկան այլ կառոյցներ՝ դպրոցներ, հիւանդանոցներ, յուշարձաններ ու շարժական գոյք:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս քայլը՝ կոչ ընելով երկու կուսակցութիւններու անդամ ծերակուտականներուն, որ բանաձեւին նեցուկ կանգնելով՝ ապահովեն անորարագ վաւերացումը:

http://asbarez.com/arm/124831/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ