Խումբ մը երեսփոխաններ նոր բանաձեւ մը կը ներկայացնեն Ֆրանսայի Ազգային ժողովին

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Երեսփոխաններ Ռիշար Մալիէ, Քրիսթիան Էսթրոզի, Փաթրիս Գալմեժան, Ժընըւիեւ Լեւի, Միւրիէլ Մարլան Միլիթելլօ, Ժոզէթ Փոնս, Էրիք Ռաուլթ, Ֆրանսուա Ռոշըպլուան, Ժան-Մարք Ռուպօ, Ժան-Փիեռ Շոսթէք, Տանիէլ Սփանիու եւ Ֆիլիփ Վիթէլ հաղորդագրութեամբ մը ցաւ յայտնած են ի տես Սահմանադրական խորհուրդի այն որոշումին, որ ցեղասպանութիւններու ժխտումի պատժելիութիւնը նախատեսող օրէնքը անվաւեր կը հռչակէ:

Սոյն հաղորդագրութեան մէջ ֆրանսացի պատգամաւորները կ՛ըսեն, թէ նկատի ունենալով այդ որոշումը, Ռ. Մալիէ եւ ութ երեսփոխաններ խորհրդարանին ներկայացուցած են բանաձեւի նոր առաջարկ մը, որ կը հետապնդէ նոյն՝ ցեղասպանութիւններու ժխտումը պատժելու նպատակը:

Հաղորդագրութեան մէջ յիշեցում կը կատարուի նաեւ, որ հակառակ անոր, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ալ ճանաչում գտած է ֆրանսական օրէնսդրութեան կողմէ, ներկայիս միայն հրէական Շօային ժխտումը յանցանք կը նկատուի:

Հղորդագրութիւնը կ՛եզրափակուի հետեւեալ ձեւով. «Քանի որ իւրաքանչիւր Ֆրանսացի պէտք է նկատառման եւ յարգանքի արժանանայ, անհրաժեշտ եւ օրինական է, որ Ազգային Ժողովը ցեղապաշտութեան եւ ցեղասպանութիւններու իրողութեան ժխտումի դէմ պայքարելու իր կամքը անգամ մը եւս հաստատէ»:

http://asbarez.com/arm/124533/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ