Տերսիմի ցեղասպանութեան հետեւանքով 19 հարազատներ կորսնցուցած եւ վնասուածք ստացած 83-ամեայ Ալի Տողան, որ դատի տուած է Թուրքիոյ նախագահական աշխատակազմն ու մէկ միլիոն լիրայի փոխհատուցում պահանջած է, արդէն ստացած է իր առաջին պաշտօնական պատասխանը:
Հայցը ընդունուած էր դատարանի կողմէ եւ պատասխանելու համար գրութիւն ուղարկուած է Թուրքիոյ նախագահականին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ “Taraf”-ը, թուրքիոյ նախագահականը պաշտպանութեան պատրաստուելու համար 15 օր ժամանակ խնդրած է, իսկ կառավարութիւնը արդէն պաշտօնապէս բացած է Տերսիմի ցեղասպանութեան վրայ լոյս սփռող արխիւային հարիւրաւոր փաստաթուղթեր: Կառավարութիւնը դատարան ուղարկած է 1826 փաստաթուղթ, որոնց մէջ է 1939 թուականի Օգոստոս 2-ի փաստաթուղթ մը, որ կ’ապացուցէ, թէ ցեղասպանութիւնը շարունակուած է նաեւ 1939 թուականին: «Յունիսի ընթացքին սպաննուած է 163 մարդ, երկուքը` վիրաւորուած, 85-ը` ողջ-ողջ այրուած են»,-ըսուած է փաստաթուղթի մէջ:
1938 թուականին մէկ այլ փաստաթուղթի մէջ կը նշուի, որ Եըլան սարէն փախչելու փորձ կատարած 40 զինեալներն ու 30 երեխաները ռմբակոծութեան երթարկուած են:
Տերսիմի տեղահանութեան ընթացքին Ալի Տոլանի մայրը` երկու երեխաներու հետ, պապիկը եւ հօրեղբայրը մահացած են աքսորի ճանապարհին, իսկ ինքը վնասներ ստացած ու փրկուած է:
Փաստաբան Պարըշ Յըլտըրըմ ըսած է, որ իր ստացած փաստերը կը վկայեն այն մասին, որ պաշտօնական Անգարան տեղեակ եղած է Տերսիմի իրադարձութիւններէն:
Leave a Reply