Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու խօսքէն անցաւ գործի:
Վերջին շրջանին թրքական բարձրագոյն ղեկավարութիւնը քանիցս յայտարարած էր, թէ կը ծրագրէ սփիւռքահայութեան հետ երկխօսութեան սկսիլ: Տաւութօղլու անցեալ Շաբաթ երեկոյ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան այցելութեամբ կարծես շարժման մէջ դրած է յայտարարուած ծրագիրին գործադրութիւնը:
Տաւութօղլու, արտաքին գործոց նախարարը ըլլալով, Թուրքիոյ քաղաքացիներ նկատուող փոքրամասնութիւններուն հետ հանդիպումներ ունենալու պարտականութիւն չունի: Սակայն, հանդիպումներու ձեռնարկելով Հայոց պատրիարքարանի ու հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, ապա եւ իր յառաջիկայ հանդիպումներուն՝ միւս փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հետ, ան Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առջեւ դրուած խնդիրները կը փորձէ լուծել:
Այդ խնդիրներու շարքին է Եւրոպային առջեւ հանդուրժող ու փոքրամասնութիւններու հանդէպ խտրական վերաբերմունք չունեցող պետութեան մը պատկերացումը ցոլացնել եւրոպական շրջանակներուն մօտ: Նաեւ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին՝ հայկական նպատակասլաց, հուժկու գործունէութեան սլաքները շեղելու, հայկական ճակատը պառակտելու, հայութեան մէջ գործակիցներ ու գործակալներ փնտռելու ծրագիրի իրականացումը, որուն համար գետին կը պատրաստէ Տաւութօղլու՝ Պոլսահայոց ներկայացուցիչներուն առջեւ իր կատարած յայտարարութեամբ:
Անցեալին այս հարցը արծարծելով՝ զգաստութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտած ենք, չիյնալու համար թրքական ծուղակին մէջ: Ի՛նչ գեղեցիկ բառերով ալ պաճուճուած ըլլան թրքական պետական այրերու՝ ոեւէ սփիւռքահայու հետ ունեցած խօսակցութիւնները, պէ՛տք է գիտակցիլ, թէ անոնք միայն թրքական շահերուն ծառայելու միտուած են, եւ դեռեւս թրքական շահերը ուղղակիօրէն հակադրուած են հայկական շահերուն:
Եկէք հայերը խաբելու կարողութեամբ օժտուած դիւանագէտի պսակով չփառաւորենք Տաւութօղլուն: Եկէք ձախողեցնենք թրքական այս նոր մեկնարկը:
http://asbarez.com/arm/124391/
Leave a Reply