ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Եւրոպական Միութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է Փետրուար 26-ին Թուրքիոյ շարք մը քաղաքներու եւ յատկապէս Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած հակահայ ցոյցերու բնոյթին ու անոնց ընթացքին հնչած ցեղապաշտական արտայայտութիւններուն առնչութեամբ:
Եւրոմիութեան գործադիր մարմինը հանդիսացող Եւրոյանձնաժողովը այս մասին հրապարակած իր յայտարարութեան մէջ կոչ ըրած է Թուրքիոյ, որ յարգէ Եւրոխորհուրդին առջեւ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները՝ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պահպանման առումով:
«Յանձնաժողովը խորապէս մտահոգ է անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին հնչած կարգախօսներով: Յանձնաժողովը կը յիշեցնէ, թէ Թուրքիա պէտք է կասեցնէ ատելութիւն պարունակող յայտարարութիւններուն տարածումը», – նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Կոչ եղած է Թուրքիոյ նաեւ զսպելու երկրին լրատուամիջոցներուն մէջ ազգային ատելութիւն սերմանող նիւթերուն տարածումը՝ յիշեցնելով, որ այդ մարզին մէջ թրքական օրէնսդրութիւնը թերի է:
Միւս կողմէ` մօտաւորապէս հազար ցուցարարներ Կիրակի օր Թաքսիմի հակահայ ցոյցերուն դէմ ցոյց մը կատարեցին՝ պոռալով. «Մենք հոս ենք հայերը պաշտպանելու համար»:
«Քանի մը տարի առաջ ասիկա աներեւակայելի էր, բայց այսօր կարելի դարձած է։ Թուրքիա հասած է այս կէտին։ Երէկ (կիրակի) մօտաւորապէս հազար ցուցարարներ, որոնց մէջ կային քաղաքագէտներ, լրագրողներ, դերասաններ, Կալաթասարայէն մինչեւ Թաքսիմ երթ կատարեցին՝ բողոքելու համար անցեալ կիրակի Թաքսիմի մէջ Խոջալուի սպանդի տարեդարձին առթիւ պարզուած հակահայ տգեղ վերտառութիւններուն դէմ։ Ցուցարարները բողոքեցին հայերու դէմ կատարուած ցեղապաշտ այս գրգռութեան դէմ ու ըսին, որ իրենք հոս են պաշտպանելու համար հայերը։ Իրենք հոս են, բայց ի՜նչ մեղք, որ անտեսանելի կերպով հոն են նաեւ այն մեծ թիւով մարդիկը, որոնք այս երկրին մէջ տարիներ շարունակ լսեցին հայերու դէմ թշնամական արտայայտութիւններ ու անոնցմով լեցուեցան։ Անոնք տակաւին մեծամասնութիւն չե՞ն կազմեր այս երկրին մէջ։ Մարդասիրական այս նոր շարժումին ցուցարարները կը յայտնէին, որ կը քալէին ցեղապաշտութեան դէմ՝ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը ընդգծելու նպատակով։ Պարզած էին պաստառներ, որոնց վրայ կը կարդացուէին. «Կեցցէ՛ ազգերու եղբայրութիւնը», «Թուրքը թուրքէն բացի ուրիշ բարեկամ ալ ունի», «Ատելութիւնը ձերն է, մարդասիրութիւնը՝ մերը», – կը գրէ «Մարմարա»։
Թաքսիմի հրապարակին վրայ եղան ճառախօսութիւններ։ Լրագրող Եաշար Կիւվեն ըսաւ. «Անցեալ շաբաթ այս հրապարակին վրայ` ներքին գործոց նախարարին աչքերուն տակ, հայերու ու բոլոր ժողովուրդներուն նկատմամբ ատելութիւն սերմանուեցաւ։ Նախատինքներ եղան, սպառնալիքներ տեղացին…։ Նպատակը Խոջալուի սպանդը չէր։ Պետութիւնը, իբր պատրուակ գործածելով Ֆրանսայի մէջ ընդունուած օրէնքը, կը հրահրէ հայերու դէմ թշնամութիւն։ Բայց ո՛չ, ասիկա այնքան ալ դիւրին չէ։ Ահաւասիկ մենք հոս ենք։ Բազմատեսակ ենք։ Այստեղի ժողովուրդներն ենք։ Առանձին պիտի չթողունք հայերը։ Մենք անոնց չենք հայհոյեր։ Չենք նախատեր։ Մեր ձեռքերուն մէջ թշնամութիւն սերմանող պաստառներ չկան։ Մենք պայքար կը հռչակենք ցեղապաշտութեան ու ամէն տեսակ մոլեռանդութեան դէմ»։
Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն երեսփոխան Մահմուտ Թան եւս խօսեցաւ ու պնդեց, թէ վարչապետը երիտասարդներուն կը յանձնարարէր հետապնդել իրենց ատելութեան դատը եւ անոնց ցոյց կու տար խտրականութեան ու ցեղապաշտութեան ուղին:
Ցոյցին մասնակցած են նաեւ ատրպէյճանցի ընկերվարականներ:
Նոյն օրը` Ռիզէի ազատագրման 94րդ տարեդարձի հանդիսութեան ընթացքին, կրկնուեցաւ այն, ինչ երկար տարիներէ ի վեր հայերու դէմ կը բեմադրուի։ Խորհրդանշական բեմադրութեամբ մը դարձեալ հայ յեղափոխականներ յարձակեցան թուրքերու վրայ ու «սպաննեցին» կիներ ու մանուկներ` մինչեւ ժամանումը «հերոս թուրքեր»-ու, որոնք մէկ առ մէկ «սպաննեցին» հայ յեղափոխականները:
«Այս օրերուն, երբ տակաւին բուռն քննադատութիւններ կը կատարուին Թաքսիմի հրապարակին վրայ Խոջալուի կապակցութեամբ պարզուած տգեղ ու հայհոյալից կոչերուն դէմ, Ռիզէի մէջ կրկին ատելութիւն սերմանուեցաւ հայերու դէմ… ատելութեան արշաւ մը, որուն մասնակցեցան նաեւ պետական դէմքեր, ինչպէս՝ Ռիզէի կուսակալը, քաղաքապետը, ոստիկանապետը եւ այլն», – կը գրէ «Մարմարա»:
Leave a Reply