Պէտք Չէ Խրտչիլ “Բոլորս Հայ Ենք” Պոռալէ, Նոյնիսկ Եթէ Մեզի Ըսեն “Պոռնիկի Զաւակ”

“Թարաֆ” թերթի մէջ քրոնիկագիր Թունճէր Քէօսէօղլու “Հայ” խորագրեալ իր յօդուածին մէջ երէկ կ՚անդրադառնար անցեալ Կիրակի Թաքսիմի հրապարակի Խոճալուի հանրահաւաքին ու կը յայտնէր որ կը վախնար որ ատելութեան այս սերմանումը դարձեալ կրնար վնաս պատճառել այս երկրին մէջ ապրող տարբեր ցեղէ ու կրօնքէ մարդոց։ Բայց այս մտահոգութիւնները յայտնելէ առաջ կը պատմէր որ ինք չորս կամ հինգ տարեկան երախայ էր երբ առաջին անգամ լսած էր “Հայ” անունը։ Իրմէ 15 տարեկան մեծ հօրեղբայր մը ունէր, զոր “Հայ” կը կոչէին շուրջինները։ Շատ կը սիրէր զինքը, անոր հետ ծով կը մտնէր, խաղ կը սարքէր, բայց երբ բարկանար, “Հայ” կ՚ըսէր անոր երեսին։ Եւ այսպէս կը շարունակուէր։

Աւելի վերջ երբ որպէս լրագրող Կարս գնաց ու տեսաւ որ այս քաղաքը Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներէն տարբեր ոճ մը ունէր, տեսաւ նաեւ որ տեղացիները որքան գոհ էին որ Հայաստանի սահմանը բաց էր ու Հայեր կուգան Կարսի շուկայէն առեւտուր ընելու։ Անոնք կենդանութիւն կուտային Կարսի շուկային, եւ օր մըն ալ այդ սահմանը փակուեցաւ անգամ մըն ալ չբացուելու պայմանաւ։ Կարսէն վերջ Ըղտըր գացած էր, որովհետեւ լսած էր որ կարգ մը Իւլքիւճիւներ Նախիջեւան երթալով Ազերիներու հետ միասին Հայերու դէմ կը կռուէին Ղարապաղեան պատերազմի պատճառաւ։

Ըղտըրի մէջ իր պանդոկը կը նայէր դէպի Աղրը լեռ։ Օր մըն ալ զինքը տարին մինչեւ Աղրը լերան փէշերը, ուր 10-15 հոգիէ բաղկացեալ խմբակ մը կար, ամէն մէկուն ձեռքը Գալաշնիգոֆ հրացան մը։ Ունէին նաեւ Ատրպէյճանի դրօշակ մը։ Անոնք արտօնեցին որ լրագրողներ լուսանկարեն զիրենք։ Ըսուեցաւ որ ասոնք երիտասարդներ են որոնք Ատրպէյճան պիտի երթան Հայերու դէմ կռուելու համար։ Ինք ալ լուսանկարը հրատարակեց այդ մասին լուր մը գրելով։ Յաջորդ օր զինքը վտարեցին Ըղտըրէն։ Ինք ալ մինչեւ վերջ պիտի զարմանար որ ինչո՞ւ գրած էր այդ լուրը։

Եւ հիմա սարսափի մատնուած էր Թաքսիմի մէջ կայացած հանրահաւաքը տեսնելով։ Ատելութեան այս դրօշակիրները որոնք քառասմբակ կը վազէին դէպի Թաքսիմի հրապարակը, կրնային դարձեալ ստեղծել 6-7 Սեպտեմբերի թալան մը։ Բարեբախտաբար այս հանրահաւաքը չկրկնեց այն ինչ որ պատահած էր 1955-ին։ Թէեւ հրապարակին վրայ պարզուած վերտառութիւններուն վրայ գրուած էր որ “Գիշեր մը յանկարծ կրնանք գալ”, բայց այս մարդիկը երբեք ու երբեք յանկարծ կամ անակնկալ կերպով գացողներ չէին, անոնք կը նախապատրաստուէին այսպիսի արշաւի մը, կը մարզուէին։

Չէ՞ որ ամբողջ քաղաքը ծածկուած էր Հայերուն դէմ գրգռիչ որմնազդներով։ Հանրահաւաքին մասնակցողներէն շատեր նոյնիսկ չէին գիտեր թէ Խոճալուն ուր է։ Հիմա ըսուեցաւ որ հարցաքննութիւն կը կատարուի այդ վերտառութիւնները պատրաստողներուն մասին։ Իսկ ես կը խնդամ, որովհետեւ գիտեմ որ այս պատասխանատուները երբեք մէջտեղ չեն հանուիր։ Նոյնիսկ եթէ հանուին, ինչո՞վ պիտի պատժուին անոնք։ Այս սրբազան հայրենի հողերուն վրայ ամէն մարդ ամէն բանի հանդէպ ատելութիւն կրնայ փսխել բացի Թրքութեան հասցէէն, կը բաւէ որ վնաս չհասցնէք Թրքութեան։

Յօդուածագիրը սապէս կ՚աւարտէ իր յօդուածը.

“Գալով իմ հօրեղբօր հայկականութեան, անիկա յամառ երիտասարդ մըն էր, ինչ որ ընէին կամ ըսէին, ան իր գիտցածը կը կարդար։ Իր այս յամառութեան պատճառաւ էր որ համագիւղացիները հայ անուանումը փակցուցած էին անոր։

“Հիմա կը նայիմ ու կը տեսնեմ որ հազարաւոր տարիներէ ի վեր այս հողերուն վրայ ապրած մարդիկ հակառակ վերջին դարուս իրենց կրած տառապանքներուն, հակառակ անոնց վրայ գործադրուած ինչ ինչ ճնշումներու, սպառնալիքներու, տեղահանութիւններու, կ՚ուզեն շարունակել ապրիլ իրենց հայրենիքը նկատուած այս հողերուն վրայ եւ այսպիսի կամք մը ունենալու համար պէտք է ըլլալ յամառ ու պէտք է ըլլալ Հայ։ Հիմա, Անատոլուէն քառասմբակ Իսթանպուլ եկած ու հազարաւոր տարիներէ ի վեր հոն ապրողներուն հետ հողային պատկանելիութեան խնդիր յարուցած մարդոց բարձրացուցած ատելութեան լոզունգները, ներսէս ձայն մը զիս կը հրաւիրէ որ պոռամ. “Բոլորս Հայ ենք”։ Այս երկրին աղուոր մարդիկը պէտք չէ վախնան եթէ մէկը իրենց այդ աղաղակին ետեւէն անոնց փակցնէ “պոռնիկի զաւակ” մակդիրը եւ ատելութիւն փսխէ անոնց դէմ։ Մենք ալ այս աշխարհագրութեան վրայ ապրող բոլոր էթնիք հաւաքականութիւններուն հետ խաղաղութեան մէջ ապրելու յամառութիւնը ունինք…։

«ՄԱՐՄԱՐԱ»
3 Մարտ 2012

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ