Պատրիարքարանը կը հաղորդէ՝ Արտաքին Գործոց Նախարարը Պատրիարքարանի Մէջ

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու 3 Մարտ 2012, Շաբաթ երեկոյեան այցելեց Պատրիարքարան եւ շքամուտքին դիմաւորուեցաւ Աթոռոյս Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, Աթոռոյս միաբաններէն Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Յարութիւն Շանլըի կողմէ։

Մեծայարգ Նախարարն ու հետեւորդները առաջնորդուեցան պաշտօնական ընդունարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Մօտ կէս ժամուան մտերմիկ տեսակցութենէ ետք, Նախարարը առաջնորդուեցաւ դահլիճ ուր ներկայ էին Աթոռոյս միաբան հայրերը, համայնքային ու թաղային մարմիններու ատենապետները, համայնքային եւ տեղական մամլոյ աշխատակիցները։

Նախ բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը, ըսելով.

«Ուրախ ենք Ձեզ տեսնելով Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Վերջին տարիներուն է, որ սկսանք տակաւ զգալ մեր գոյութիւնը այս երկրին մէջ իբրեւ հայրենակիցներ, երբ պաշտօնական անձեր զանազան առիթներով մօտեցան մեզի, լսելու համար մեր ալ հարցերը։ Գեղեցիկ օրինակը կը հանդիսանայ նոր սահմանադրութեան պատրաստութեան սեմին լսել նաեւ ոչ-իսլամ համայնքներու տեսակէտներն ու առաջարկները։ Այս է, որ մեզի յոյս եւ վստահութիւն կը ներշնչէ թէ պիտի ձեւաւորուի աւելի արդի ու ժամանակակից եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան սահմանադրութիւն մը։ Միւս կողմէն սակայն մենք կը տեսնենք երկրին մէջ մարդկային իրաւանց անտեսում եւ տգեղ յարձակումներ։ Ինչպէս անցնող շաբաթավերջին ծանր անարգանքներ տեղացած էին մեր ժողովուրդին վրայ, գործածելով անընդունելի լոզունքներ։ Այս երկրին հաւատարիմ Հայ ժողովուրդը խորապէս ցնցուած էր ի տես այս ցեղապաշտ արարքին։ Այս բոլորով հանդերձ, մենք լիայոյս ենք թէ մարդոց միջեւ պիտի հաստատուի երկխօսութիւն ու խաղաղութիւն։ Առ այդ բարի եկած էք Հայոց Պատրիարքարան»։

Ի պատասխան Նորին Սրբազնութեան, Արտաքին Գործոց Նախարար Տաւութօղլու ըսաւ.
«Ոչ մէկ տարբերութիւն կը տեսնենք այս երկրի հայրենակիցներուն միջեւ եւ Հայերը մեզի համար արտաքին քաղաքականութեան նիւթ չենք դարձներ։ Մենք եւս ցաւ զգացինք մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ այլ հայրենակիցներու ունեցած արտայայտութիւններուն, որոնց համար անհրաժեշտ հետազօտութիւնները սկսած են։ Դուք ձեր անհանգստութիւնը յայտնելէ առաջ, ձեր ալ իրաւունքը պաշտպանող կողմը պէտք է հանդիսանայ այս երկրի պետութիւնը։ Սակայն դժուարութիւններ եւ նեղութիւններ կարելի է հարթել երկխօսութեան ճամբով։ Քաջութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ քայլերու դիմել հրամայական է եւ մենք ալ այդ ուղղութեամբ կը գործենք արդէն։ Ես էի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ դաշնագիր կնքելու ձեռնարկեցի։ Կրկին ես էի, որ առաջարկեցի Տարօն Աճէմօղլուի Թուրքիոյ դեսպան դառնալը, որ սիրով ընդունուեցաւ Վարչապետին ու Հանրապետութեան Նախագահին կողմէ։ Մենք նոյն հաւասարութիւնը կ՚ուզենք ցուցաբերել մեր դրացի երկիրներուն եւ երբ նեղութեան մէջ են, պատրաստ ենք առանց ազգի ու կրօնքի խտրութեան, բոլորին ալ նեցուկ կանգնելու։ Բոլոր դժուարութիւնները պիտի յաղթահարենք միասնաբար ու ձեռք ձեռքի»։


Կատարուեցաւ նուէրներու փոխանակում։ Նախարար Տաւութօղլու նուիրեց ապակեայ սրուակ մը, իսկ յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս նուիրեց Արսէն Եարմանի “Osmanlı sağlık hizmetinde Ermeniler ve Surp Pırgiç Ermeni Hastanesi tarihi” հատորը։

Ապա կատարուեցաւ ընդունելութիւն փոքր դահլիճին մէջ։ Նախարար Տաւութօղլու Պատրիարքարանի մէջ մնաց շուրջ մէկ ու կէս ժամ եւ մեկնեցաւ ուրախ տրամադրութեամբ։

Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ