Ծանօթացուեցաւ Կեդրոնական Ազգ. Վարժարանի բացման պատմութեան գիրքը

Կեդրոնական Սանուց Միութեան սրահին մէջ 3 Մարտ 2012, Շաբաթ երեկոյ մշակութասէր հասարակութեան ծանօթացուեցաւ նորատիպ «Քայլեր դէպի Կեդրոնական Ազգ. Վարժարան» հատորը։

«Քայլեր դէպի Կեդրոնական Ազգ. Վարժարան» հատորը աշխատասիրեց Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ լոյս տեսաւ Պատրիարքական Աթոռոյ Յովակիմեան մատենաշարէն, Մկրտիչ Արծիւեանի մեկենասութեամբ։

Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ հրատարակուեցաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. «Քայլեր դէպի Կեդրոնական Ազգային Վարժարան»։

Աթոռոյ 550-ամեակին առթիւ հաստատուած «Յովակիմեան Մատենաշար»էն լոյս տեսնող գրքի հեղինակն է Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, իսկ գեղեցիկ կողքը մտայղացումն է Կեդրոնականի սան Գրիգոր Սահակեանի։

Հատորի Արժանապատիւ հեղինակը 184 էջերու մէջ նախ համառօտ ակնարկ մը կը նետէ Պոլսոյ մէջ բարձրագոյն կրթութեան շարժումին, ապա կը յամենայ ԺԸ. դարու երկրորդ կիսուն վրայ եւ դիւանական փաստաթուղթերու, տեղեկագիրներու եւ ատենագրութիւններու լոյսին տակ ընթերցողը քայլ առ քայլ կ՚առաջնորդէ դէպի Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի բացումը։

Գեղատիպ գրքին մէջ պատմական ընդարձակ տեղեկութիւնները զարդարուած են նիւթին հետ առընչակից բազմաթիւ նկարներով, որոնք սկիզբ կ՚առնեն Արեւմտահայ իրականութեան կրթական ու մշակութային կեանքի ռահվիրաներէն Երանաշնորհ Յովհաննէս Բաղիշեցի Կոլոտ Պատրիարքի դիմանկարով ու վերջ կը գտնեն Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի անդրանիկ դասարանի սաներու խմբանկարով։

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Կեդրոնականի սան Մկրտիչ Արծիւեան, ի յիշատակ Նորայր-Փայլուն Արծիւեան ամոլի։

Ղալաթիոյ Կեդրոնական Ազգ. Վարժարանի ի նպաստ սարքուած սիրոյ սեղանի ընթացքին յայտարարուած էր վարժարանի բացման պատմութեան մասին նոր գիրքի մը հրատարակութիւնը։ Այս գիրքն էր որ շնորհանդէսով մը յանձնուեցաւ Կեդրոնականցիներու ու գրասէրներու ուշադրութեան։

Հանդիսավարն էր Կեդրոնականի սաներէն Սարին Ագպաշ, որ բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ բեմ հրաւիրեց երկու Կեդրոնականցիներ՝ Թալիա Քիւրքճիւօղլու եւ Առատ Էօզքայա, որոնք փոխն ի փոխ արտասանեցին Զահրատի անտիպ մէկ բանաստեղծութիւնը Կեդրոնական Ազգ. Վարժարանի մասին։

Յանուն Կեդրոնական Վարժարանի խօսեցաւ Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեան եւ շնորհաւորեց նորատիպ հատորի հրատարակութիւնը եւ ընդգծեց կարեւորութիւնը։ Ան, յոյս յայտնեց որ այս գիրքը նախանձ գրգռէ ու արագացնէ վարժարանի յուշամատեանի վերջնական պատրաստութիւնը եւ հրատարակութիւնը։ Կեդրոնականի Տնօրէնուհին Վարժարանի պատմութենէն դրուագներ պատմելէ յետոյ շնորհաւորեց Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, որու գաղափարն ու աշխատասիրութիւնն էր սոյն հատորը։

Երաժիշտ Յարութիւն Էտվին Ուր. Դպ. Կալիպեան նախ կարդաց բացատրական մը, որով ներկաներ տեղեկութիւն ստացան Երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի վախճանման առթիւ Տիգրան Չուհաճեանի յօրինած սգոյ քայլերգին մասին։ Ապա դաշնակով նուագեց յիշեալ մահերգը։

Բեմ եկաւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, որ ծանօթացուց Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայի վերջին աշխատասիրութիւնը՝ «Քայլեր դէպի Կեդրոնական Ազգ. Վարժարան» հատորը։ Ան, նախ ակնարկ մը նետեց Թուրքիոյ Հայ գիրքի պատմութեան ու կարեւորութեան, ապա թուային տուեալներով ներկայացուց վերջին հարիւրամեակին հայ գիրքերու հրատարակութեան պարզած վիճակը։ Բրշ. Վաղարշակ Սարկաւագ ապա անդրադարձաւ գիրքի պատրաստութեան եւ հրատարակութեան փուլերուն, հեղինակին, կառոյցին, նկարներուն եւ ներդրում ունեցողներուն մասին։

Ապա կատարուեցաւ գիրքի մասին լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը, Կեդրոնականի ուսուցչաց կազմէն Արաս Սարըչօպանի կողմէ։ Ան, գիրքի եւ այլ նկարներու հետ տուաւ տեղեկութիւններ հեղինակ Տէր Հօր կենսագրութեան, Թուրքիոյ Հայոց մէջ կրթական կեանքի եւ «Քայլեր դէպի Կեդրոնական Ազգ. Վարժարան» հատորի մասին։

Իր սրտի խօսքը ըսելու հրաւիրուեցաւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ նախ անդրադարձաւ որ ինք գիրքին «հեղինակ»էն աւելի կը նախընտրէր «աշխատասիրող» բառը, նկատելով որ գիրքի ներկայացուցած պատմական դրուագները ժամանակագրական կարգով քաղուած էին արձանագրութիւններէ, առանց մեկնաբանութեան։ Ան, յիշեց Նորին Ամենապատուութեան թելադրութիւնը, որով կարեւորութիւն կ՚ընծայուէր յուշամատեաններու պատրաստութեան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, որ սիրով կ՚ընդառաջէր այս ուղղութեամբ կատարուած ձեռնարկներու, հովանաւորելով ծրագրուած աշխատանքները։

Հուսկ բանքը արտասանեց Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, գնահատեց եւ շնորհաւորեց հեղինակն ու հրատարակութեան աշխատանքին ներդրում ունեցողները։ Նորին Սրբազնութիւնը անգամ մը եւս յիշեցուց իւրաքանչիւր հաստատութեան համար յուշամատեաններ ունենալու անհրաժեշտութիւնը, քանի որ այդ գիրքերու միջոցաւ է, որ հաստատութիւններ իրենց հետքը կը թողուն պատմութեան մէջ եւ ապագային փափաքողներ այդ հատորներով կրնան գաղափար կազմել հաստատութեանց առաքելութեան մասին։ Սրբազան Հայրը կոչ ըրաւ համայնքի բարերարներուն, որպէսզի իրենց նիւթականով մեկենասութիւնը ստանձնեն նման հրատարակութեանց։

Շնորհանդէսի աւարտին, սարքուեցաւ պահոց ճոխ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաներ առիթն ունեցան շնորհաւորելու հեղինակն ու հրատարակիչները։

Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի խօսքը «Քայլեր դէպի Կեդրոնական Ազգ. Վարժարան» գիրքի մասին

Ուրախ առիթ է մէկտեղուիլ մեր միութիւններու երդիքին տակ, մշակութային ձեռնարկներու համար։ Եւ նման մէկտեղումներու համար սքանչելի առիթ պիտի ըլլար Մեծ Պահոց շրջանը, որու ընթացքին պիտի չկասէր մշակութային կեանքը։

Այս շնորհանդէսի այսօր իրականանալուն քիչ մը բախտը բերաւ, քիչ մըն ալ Մեծ Պահոց շրջանը։

*

Նախ պէտք է ըսել որ այս խօսքը գրախօսական մը կամ քննադատական մը չէ, այդպիսի նպատակ մը երբեք չունեցանք։ Այդ մէկը թող ընեն մեր բանասէրներն ու գրագէտները։ Փափաքեցանք պարզապէս «Քայլեր դէպի Կեդրոնական Ազգ. Վարժարան» գիրքը ծանօթացնել եւ անոր ու պատրաստութեան մասին քանի մը փոքր տեղեկութիւններ տալ։

Գիրքի մասին խորհրդածելէ առաջ, քանի կը գտնուինք Հայկական տպագրութեան հինգհարիւրամեակի օրերուն, հպանցիկ ակնարկ մը նետենք Հայ գիրքի, յատկապէս Թուրքիոյ Հայ գիրքի պատմութեան։

Հայ գիրքի հրատարակութեան ընծայուած կարեւորութիւնը Թուրքիոյ Հայ համայնքին մէջ
Ճիշդ հինգ դար առաջ՝ 1512-ին լոյս տեսաւ առաջին Հայ գիրքը, «Ուրբաթագիրք»ը, Վենետիկի մէջ։ 55 տարի ետք՝ 1567-ին Պոլիսը ծնունդ տուաւ իր առաջին գիրքին՝ «Փոքր քերականութիւն»ին։ Անցնող դարերու ընթացքին Պոլիսը ոչ միայն եղաւ հրատարակչական ոչ-արհամարհելի կեդրոն մը, այլ բարձրացաւ նախանձելի դիրքի։

Երբ հասաւ քսաներորդ դարը, Պոլիս կը յամառէր «Պոլիս» մնալու համար, եւ մեր համայնքը կը ջանար վերապրիլ իր փառքի օրերը, հակառակ բոլոր իրադարձութեանց։

1901-ին Թուրքիոյ տարածքին լոյս տեսան 85 գիրքեր։ Հետեւինք անկիւնադարձային թուականներուն Թուրքիոյ մէջ հայերէն գիրքերու հրատարակութեանց քանակին.

1908-ին երբ վերահաստատուեցաւ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը՝ Մէշրութիյէթը, լոյս տեսան 101 հատորներ։ Հրատարակչական գործունէութիւնը 1910-ին հասաւ իր գագաթնակէտին՝ լոյս տեսան 308 գիրքեր։ Այլ խօսքով՝ տարւոյն գրեթէ իւրաքանչիւր օրը լոյս տեսած էր նոր գիրք մը։

Ա. Աշխարհամարտի սկիզբը՝ 1914-ին լոյս տեսան 197 գիրքեր, յաջորդ աղիտալի տարիին՝ 1915-ին՝ միայն 37, իսկ 1916-ին՝ 2 գիրքեր։ 1919-ին այս թիւը բարձրացաւ 90-ի, իսկ 1920-ին՝ 126-ի։ Երբ սկսաւ Բ. Աշխարհամարտը, 1939-ին լոյս տեսան 14 գիրքեր, Պատերազմի տարիներուն՝ 1940-ին՝ 4, 1942-ին՝ 2, իսկ 1944-ին՝ 1 գիրք։

Թուրքիոյ տարածքին 20-րդ դարուն հրատարակուեցան աւելի քան 4.135 գիրքեր։

Իսկ անցեալ տարի՝ 2011ին լոյս տեսան 16 գիրքեր։

Գիրքի հրատարակութեան ժամանակը

Մօտ քառորդ դարէ ի վեր կը սպասուէր Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի յուշամատեանը։ Տարիներ առաջ, երբ Կեդրոնականի սան էինք, կը խօսուէր թէ պատրաստ է յուշամատեանը։ Եւ կը սպասենք։

Երբ նոր հանգրուանի մը հասանք եւ Կեդրոնականը եղաւ 125 տարեկան, կրկին օրակարգի եկաւ յուշամատեանի հրատարակութիւնը։

Ահա այս շրջանին է որ հեղինակը պատրաստեց «Քայլեր դէպի Կեդրոնական Ազգ. Վարժարան» գիրքը։

Եւ այնպէս մը կազմակերպուեցաւ, որ գիրքի առաջին օրինակը լոյս տեսաւ այն օր, երբ Կեդրոնականը կը սարքէր իր սիրոյ սեղանը։ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. այդ օր ծանուցանեց, որ լոյս տեսած է Վարժարանի բացման պատմութեան գիրքը։

Սակայն, որպէսզի սիրոյ սեղանի խաժամուժին զոհ չդառնար, գիրքը մինչեւ այսօր ի պահ դրուեցաւ եւ այսօր կը ներկայացուի հետաքրքրուողներու եւ մշակութասէրներու։

Ինչո՞ւ այս գիրքը լոյս տեսաւ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ եւ Յովակիմեան Մատենաշարէն։

Պատրիարքական Աթոռոյս 72րդ գահակալ՝ Երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի երազն էր այս վարժարանը։ Ան հիմը դրաւ, սակայն չկարողացաւ տեսնել բացումը այս կրթօճախին՝ Կեդրոնական Ազգային Վարժարանին։

Երբ Պատրիարքական Աթոռոյ 550-ամեակին առթիւ կը հաստատուէր Յովակիմեան մատենաշարը եւ քանի մը ամիս առաջ լոյս տեսաւ «Կոստանդնուպոլսոյ Հայերը եւ իրենց պատրիարքները» հատորը, նոյն մատենաշարին ներառուեցաւ այս հատորը եւս։ Պատրիարքութեան պատմութեան առընթեր կու գար կրթական կեանքը եւ ասոր համար կարեւոր էր այս գիրքը։

Ի՞նչպէս ծնունդ առաւ «Քայլեր դէպի Կեդրոնական Ազգ. Վարժարան» գիրքը:

Ինչպէս ըսինք, երբ անգամ մը եւս օրակարգի եկաւ Կեդրոնականի յուշամատեանի հրատարակութիւնը, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան առաջարկեց անհրաժեշտ կարեւորութիւնը չզլանալ Վարժարանի բացման շրջանը կանխող օրերէն։ Նկատի ունենալով զանազան աղբիւրներու մէջ առկայ վրիպումները, Տէր Հայրը սկսաւ աշխատանքի։ Յօդուածի մը նպատակով սկսուած աշխատանքը տակաւ ընդարձակուեցաւ։ Նախ նպատակ կար այս աշխատասիրութիւնը տեղադրել հրատարակելի գիրքի սկիզբը։ Ոմանք ըսին որ տարբեր ոճով ու հայեացքով կատարուած աշխատանք էր եւ լաւ կ՚ըլլար անջատ հրատարակել։

Եւ այնպէս ալ եղաւ։ Ահա այսօր ձեր տրամադրութեան տակ դրուած է այդ բծախնդիր ու մանրազննին աշխատանքի բերքը՝ «Քայլեր դէպի Կեդրոնական Ազգ. Վարժարան» հատորը։

Ո՞վ է հեղինակը։

Այստեղ մենք կենսագրական տեղեկութիւններ պիտի չտանք։

Գիրքիս Արժանապատիւ հեղինակը Կեդրոնականցի մը չէ, սակայն այստեղ համեստօրէն պիտի առաջարկենք, որ նկատի առնելով Կեդրոնական Վարժարանի պատմութեան իր ծառայութիւնը, յետ այսու զինք կոչել §Պատուակալ Կեդրոնականցի¦։ Ան, հակառակ կարգ մը մտայնութեանց, ըստ որոնց հոգեւորականներ պէտք չէր կրթական գործով հետաքրքրուէին, տարաւ այս աշխատանքը։

Ինչպէս պատրաստուեցաւ այս գիրքը – Գիրքի կառոյցը

Նախ պէտք է ընդգծել, որ այս գիրքը կը խօսի միայն Կեդրոնական Ազգ. Վարժարանի բացումէն առաջուան շրջանի մասին։ Կը սկսի Ներսէս Պատրիարքի մտայղացումէն ու կ՚աւարտի վարժարանի բացումով։

Սոյն գիրքը պատրաստուեցաւ լուրջ ու մասնագիտական աշխատասիրութեամբ։ Անձամբ կրնանք վկայել, որ Տէր Հայրը ինչպէս դիւանական աղբիւրներու, տեղեկագիրներու, «փոշոտ թուղթերու» եւ թերթերու հաւաքածոներու յենելով ու առկայ սխալները սրբագրելու ջանալով ի գլուխ հանեց այս գիրքը։ Ան, իւրաքանչիւր հատուածին ներքեւ էջատակի նօթերով դրաւ աղբիւրները։

Սկսելով «Բարձրագոյն կրթութեան շարժումը Պոլսոյ մէջ» գլուխով, հեղինակը կազմեց այնպիսի շղթայանման կառոյց մը, որուն իւրաքանչիւր օղակը կ՚ագուցէ մէկը միւսին եւ ասոնցմէ մէկին կամ միւսին վերցուելու պարագային, շղթայի անջատումը անխուսափելի է։

Տէր Հայրը եղաւ այն երջանիկ անձերէն, որ նախորդ սերունդէն ստացաւ փաստաթուղթերու եւ տեղեկագիրներու հաւաքածոյ մը։ Յիսուն կամ հարիւր տարի յետոյ, եթէ մէկը ելլէ ու մեր այսօրուան մասին նման աշխատանք մը տանիլ փափաքի, մենք անձնապէս շատ վստահ չենք որ Տէր Հօր չափ բախտաւոր պիտի ըլլայ։

Նկարներ

«Քայլեր դէպի Կեդրոնական Ազգ. Վարժարան» գիրքը առաջին ակնարկով հարուստ է նկարներու տեսակէտէ։ Սակայն այս մէկը խափուսիկ է։ Առկայ շուրջ ութսուն նկարներու աւելի քան վաթսունը անհատական դիմանկարներ են։ Սակայն պէտք չէ զարմանալ այս երեւոյթին, քանի ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն դէպքերու նկարները այնքան ալ ընդհանրացած չէին։

Հատորին մէջ առկայ խմբանկարներէն առաջինն է անտիպ լուսանկար մը, որ նկարուած է Ղալաթիա, Իզմիրլիօղլու Խանի Պաղտասարօֆ Եղբայրներու կողմէ եւ խմբանկարն է Վարժարանի նախակրթարանի սաներուն։ Երկրորդ խմբանկարն է Կեդրոնական Վարժարանի անդրանիկ դասարանի սաներուն, որոնք լուսանկարուած են պատմական դրան առջեւ։ Ուրիշ նկար մըն է Վարժարանի պատմական դրան ճակատի մէկ նկարը։

Գիրքը զարդարուեցաւ նաեւ նոր նկարներով, որոնք կապ ունին պատմութեան հետ, ինչպէս Երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրիմը, Վարժարանի պատմական դուռը, զոյգ յիշատակարանները, Մանուկ Մնակեանի դամբարանի լուսանկարները։

Աշխատասիրութեան ընթացքին օգտագործուած տեղեկագիրներու նկարները տեղադրուած են գիրքին մէջ, որոնք երեւութական միապաղաղութիւնը կը կասեցնեն ու նկարասէր ընթերցողին ուշադրութեան ցրուելուն արգելք կ՚ըլլան։

Անոնք որոնք ներդրում ունին:

Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան հեղինակն է այս գիրքին։ Սակայն դեր կան անձեր, որոնք իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցան սոյն գիրքի հրատարակութեան կամ աւելի շքեղ լոյս աշխարհ գալուն։

Այս անձերէն մէկն է Կեդրոնականի սաներէն Գրիգոր Սահակեանը։ Ան, իր արուեստագէտի ճաշակով պատրաստեց հատորին կողքը։ Շնորհակալ ենք իրեն։

Յիշենք ուրիշ Կեդրոնականի սան մը եւս, այս անգամ աւելի երիտասարդներէն։ Արիս Քարաֆիլը, որ նկարներու պատրաստութեան մէջ ունեցաւ իր ուրոյն տեղը։ Շնորհակալութիւն նաեւ իրեն։

Իսկ երրորդ Կեդրոնականցին է Մկրտիչ Արծիւեանը, որ առաջին իսկ օրէն բարոյապէս նեցուկ կանգնեցաւ սոյն գիրքի պատրաստութեան։ Իսկ երբ գիրքը աւարտեցաւ, ան սիրով ընդառաջեց մեր հրաւէրին ու ստանձնեց մեկենասութիւնը, ի յիշատակ Նորայր եւ Փայլուն Արծիւեան ամոլին։ Շնորհակալութիւն Մկրտիչ Արծիւեանին ու յարգանք Նորայր-Փայլուն Արծիւեաններու յիշատակին։

*

Մեր խօսքի աւարտին, սկսեալ հեղինակ Տէր Հօրմէ, շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք ունեցան իրենց ներդրումը սոյն հատորի հրատարակման գործին մէջ սա կամ նա կերպով։ Վստահ ենք սիրելի հանդիսականներ, երբ այս գիրքի հրատարակութեամբ նոր հատոր մը եւս կ՚աւելնայ Հայ տպագրութեան հինգհարիւրամեայ պատմութեան, լուսաւորուած կ՚ըլլայ Կեդրոնական Վարժարանի դարաւոր պատմութեան աւելի մթին մնացած մասը։

Եւ շնորհակալ եմ բոլորիդ, որ համբերութիւնը ունեցաք ունկնդրելու զիս։

 
Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ