Նոր Սահմանադրութեան Մէջ Փոքրամասնութիւններուն Առընչուող Հարցերը Քննարկելու Նպատակով
Խորհրդարանի Նախագահ Ճէմիլ Չիչէք, որու գլխաւորութեամբ կը շարունակուի նոր Սահմանադրութեան պատրաստութեան գործընթացը, երէկ այցելեց Շիշլիի Քաղաքապետարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Քաղաքապետ Սարըկիւլի եւ Շիշլի գաւառակի հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպում-քննարկումը կայացաւ Շիշլիի քաղաքապետութեան Էսէնթէփէի կեդրոնին մէջ եւ մասնակցեցան, բացի հասարակական կազմակերպութիւններէ, նաեւ հայ համայնքէն՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Ս. Արք. Աթէշեան, հրէից խախամապետ Իսհակ Հալէվա, ասորի կաթոլիկ համայնքի առաջնորդ Եուսուֆ Սաղ, ասորի օրթոտոքս համայնքէն Եուսուֆ Չէթին Պատրիարք, որոնք միւս ներկայացուցիչներու հետ միասին գաղափարի փոխանակում ունեցան եւ իրենց առաջարկներու մասին արտայայտուեցան։
Նախ հանդիպման բացումը կատարեց Քաղաքապետ Սարըկիւլ եւ իր առաջարկները ներկայացուց։ Ըսաւ որ ժողովրդավար ու քաղաքակիրթ աշխարհի մը անփոխարինելի եւ անյետաձգելի պայմանը հիմնական օրէնքներն ու ազատութիւններն են եւ պայման է որ Թուրքիան ալ ապահովութեան տակ առնէ ինքզինք՝ ժողովրդավարութեան համապատասխան իրաւական համակարգով մը։ “Նոր Սահմանադրութեան մէջ ո՛չ թէ պետութեան վրայ պէտք է կեդրոնանալ, այլ մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութիւններու։ Նոր Սահմանադրութիւնը հաւասարութիւն, արդարութիւն եւ ազատութիւն գաղափարները որպէս հիմնական պայմաններ պէտք է նկատէ ու դատարանները ո՛չ թէ պետութիւնը, այլ իրաւական համակարգը պաշտպանող կառոյցներ պէտք է ըլլան”, ըսաւ Մուսթաֆա Սարըկիւլ։
8 Մարտ կանանց միջազգային տօնի սեմին Քաղաքապետը անդրադարձաւ նաեւ կիներու իրաւունքներուն, ըսաւ որ երկրի մէջ իգական սեռի բնակչութեան թիւը ընդհանուր բնակչութեան կէսէն աւելի է, սակայն կիներ կը շարունակեն դէմ յանդիման մնալ անհաւասար սկզբունքներու եւ վերաբերումի հետ։ Այս իրավիճակը կիներու հարցը չէ, մեր բոլորին հարցն է ու մարդասիրական հարց է։
Կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին կէտերը ամրագրուած պէտք է ըլլան մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութիւններու յօդուածին մէջ, դիտել տուաւ Շիշլիի Քաղաքապետը։
Յետոյ խօսեցաւ Խորհրդարանի Նախագահը, որ կը շրջի Թուրքիոյ բոլոր նահանգները, քաղաքներն ու գաւառակները, որպէսզի գաղափարի փոխանակում ունենայ հասարակական կազմակերպութիւններու, զանազան կառոյցներու հետ ու ժողովուրդի ալ կարծիքը լսելով, կը փորձէ պատրաստել Սահմանադրութեան յօդուածները։ “Թուրքիա նոր Սահմանադրութեան մը պէտք ունի։ Ի ձեռին ունինք իր արժէքը վաղուց կորսնցուցած Սահմանադրութիւն մը։ Տակաւին կը ջանանք գործադրութեան մէջ պահել եւ ծանր գին կը վճարենք ատոր համար։ Երկրի մը ժողովրդավարութիւնը ցոյց տուող ամէնէն կարեւոր տարրը այդ երկրի Սահմանադրութիւնն է։ Սահմանադրութիւնները իրենց պատրաստուած շրջանի հաւասարակշռութիւնները, առաջնահերթութիւնները կը կրեն։ 1982ին պատրաստուած Սահմանադրութիւններու մէջ անվտանգութեան տարրը առաջ անցած էր ազատութիւններու տարրէն։ Ներկայ պայմաններու մէջ մարդկային իրաւունքներն ու ազատութիւնները աւելի առաջնահերթ սկզբունքներ են”, ըսաւ Ճէմիլ Չիչէք։
Այնուհետեւ, Խորհրդարանի Նախագահը շեշտեց թէ նոր Սահմանադրութիւնը ժողովրդավար արժէքներուն համահունչ, իրաւունքներն ու ազատութիւնները պաշտպանող մայր օրէնսգիրք մը պէտք է ըլլայ ու ընդունելի պէտք է նկատուի մեր ամբողջ ժողովուրդի, 74 միլիոննոց բնակչութեան կողմէ։
Չիչէքի ելոյթէն ետք յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Արամ Սրբազան եւ խախամապետ Հալէվի, ներկայացնելով իրենց ակնկալութիւնները՝ նոր Սահմանադրութենէն։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»
3 Մարտ 2012
Leave a Reply