Մօտաւորապէս Հազար Բարեացակամ Ցուցարարներ Թաքսիմի Մէջ Պոռացին. “Մենք Հոս Ենք Հայերը Պաշտպանելու Համար”
Քանի մը տարի առաջ աներեւակայելի էր, բայց այսօր կարելի դարձած է։ Թուրքիա հասած է այս կէտին։ Երէկ մօտաւորապէս հազար ցուցարարներ, որոնց միջեւ կային քաղաքագէտներ, լրագրողներ, դերասաններ, Կալաթասարայէն մինչեւ Թաքսիմ գնացք կատարեցին բողոքելու համար անցեալ Կիրակի Թաքսիմի մէջ Խոճալուի սպանդի տարեդարձին առթիւ պարզուած հակահայ տգեղ վերտառութիւններուն դէմ։ Ցուցարարները բողոքեցին հայերու դէմ կատարուած ցեղապաշտ այս գրգռութեան դէմ ու ըսին որ իրենք հոս են պաշտպանելու համար Հայերը։ Իրենք հոս են, բայց ի”նչ մեղք որ անտեսանելի կերպով հոն են նաեւ այն մեծ թիւով մարդիկը, որոնք այս երկրին մէջ տարիներ շարունակ լսեցին Հայերու դէմ թշնամական արտայայտութիւններ ու անոնցմով լեցուեցան։ Անոնք տակաւին մեծամասնութիւն չե՞ն կազմեր այս երկրին մէջ։
Մարդասիրական այս նոր շարժումին ցուցարարները կը յայտնէին որ կը քալէին ցեղապաշտութեան դէմ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը ընդգծելու նպատակով։ Պարզած էին վերտառութիւններ, որոնց վրայ կը կարդացուէին հետեւեալները. “Կեցցէ_ ազգերու եղբայրութիւնը”, “Թուրքը Թուրքէն ուրիշ բարեկամ ալ ունի”, “Ֆաշիզմը անցք չունի”, “Ատելութիւնը ձերն է, մարդասիրութիւնը՝ մերը”։
Թաքսիմի հրապարակին վրայ եղան ճառախօսութիւններ։ Լրագրող Եաշար Կիւվէն սապէս խօսեցաւ.
“Անցեալ շաբաթ այս հրապարակին վրայ Ներքին Նախարարին ալ աչքերուն տակ Հայերու ու բոլոր ժողովուրդներու նկատմամբ ատելութիւն սերմանուեցաւ։ Նախատինքներ եղան, սպառնալիքներ տեղացին։ Նպատակը Խոճալուի սպանդը չէր։ Պետութիւնը, իբր պատրուակ գործածելով Ֆրանսայի մէջ ընդունուած օրէնքը, կը հրահրէ Հայերու դէմ թշնամութիւն։ Բայց ոչ, ասիկա այնքան աժան չէ։ Ահաւասիկ մենք հոս ենք։ Բազմատեսակ ենք։ Հոստեղի ժողովուրդներն ենք։ Առանձին պիտի չթողունք Հայերը։ Մենք անոնց չենք հայհոյեր։ Չենք նախատեր։ Մեր ձեռքերուն մէջ թշնամութիւն սերմանող վերտառութիւններ չկան։ Մենք պայքար կը հռչակենք ցեղապաշտութեան ու ամէն տեսակ մոլեռանդութեսն դէմ”։
Ճէ-Հէ-Փէէն Իսթանպուլի երեսփոխան Մահմուտ Թան եւս խօսեցաւ ու պնդեց որ Վարչապետը երիտասարդներուն հետ կը յանձնարարէր հետապնդել իրենց ատելութեան դատը, ցոյց կուտար խտրականութեան ու ցեղապաշտութեան ուղին։ “Իսկ մենք հոս ցոյց կուտանք հաշտութեան ճամբան։ Ցեղը, գոյնը, սեռը եւայլն այնպիսի յատկութիւններ են, զորս մարդ չի կրնար փոխել։ Այս յատկանիշներուն համար չէք կրնար մարդիկը անջատել ձեզմէ։ Միայն թէ այսօր Ա-Գէ-Փէցիները կ՚ընեն այս անջատումը” ըսաւ Թան։
Ցոյցին մասնակցած էին նաեւ Ազերի ընկերվարականներ, որոնցմէ Մէթլէպ Մուխթարով լուսանկարուեցաւ հայազգի Սայաթ Թէքիրի հետ։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»
5 Մարտ 2012
Leave a Reply