Գանատայի հիւպատոս Ճոն Թ. Հոլմս, 1 Մարտ 2012, Հինգշաբթի, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։
Մեծայարգ հիւրը յայտնեց որ այս անդրանիկ այցելութեամբ եկած է ծանօթանալու Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոն՝ Պատրիարքական Աթոռին եւ առ հասարակ հայ համայնքին հետ։
Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց ու տեղեկութիւններ տուաւ Թուրքիոյ Հայութեան անցեալին, համայնքային կառոյցին ու այժմու վիճակին մասին։ Ան, յաջողութիւն մաղթեց նորանշանակ հիւպատոսին նոր պաշտօնին մէջ։
Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու
Leave a Reply