Ֆրանսայի վրայ իր բանեցուցած ճնշումներով Թուրքիա կը փորձէ պատմութիւնը քաղաքականացնել. Վ. ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը հակասահմանադրական նկատուելու լոյսին տակ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան հինգշաբթի` 1 մարտին «Պի. Պի. Սի. – Արապիք» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը։

Հարցազրոյցին ընթացքին Վ. Եագուպեան նշեց, որ համայն հայութիւնը դժգոհ է Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին որոշումէն, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ իմաստով հայոց ջանքերն ու աշխատանքները պիտի դադրին։

«Ֆրանսահայութիւնը ճիգ չի խնայեր այդ հարցին հետապնդումը շարունակելու առումով եւ այս շրջագիծին մէջ ան Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիէն ստացած է խոստում մը, որուն հիման վրայ Սարքոզի Ֆրանսայի արդարութեան նախարարութենէն պահանջած է մշակել նոր օրինագիծ մը, որ պիտի ներկայացուի ֆրանսական խոհրդարանին ու ապա Ծերակոյտին»,- ըսաւ Վ. Եագուպեան։

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուն շեշտեց, որ Թուրքիա ամէն ջանք ի գործ դրած է եւ հսկայական ճնշումներ բանեցուցած Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին վրայ, որպէսզի մերժէ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը։ «Թրքական պետութիւնը իր այս վարուելակերպով կը փորձէ պատմութիւնը քաղաքականացնել։ Միւս կողմէ` թուրք-հայկական յարաբերութիւնները երբեք լաւ չեն եղած», ըսաւ ան։

Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն ծիրին մէջ Վ. Եագուպեան ընդգծեց, որ անոնց բարելաւումը կարելի պիտի ըլլայ միայն, երբ Թուրքիա իբրեւ պատմական իրողութիւն ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ներում հայցէ հայ ժողովուրդէն։ «Թրքական պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը զինք կը դնէ հայոց քաղաքական իրաւունքները հատուցելու պարտաւորութեան տակ, այլ խօսքով` հայութեան նիւթական եւ բարոյական հատուցումներ տրամադրելու պարտադրանքին տակ», ըսաւ ան։

Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ 1915-ին, օսմանեան կայսրութեան կողմէ ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ, եւ մէկուկէս միլիոն հայեր նահատակուեցան Անատոլի մէջ»: Թուրքիա պէտք է հայ ժողովուրդը հատուցէ եւ անոր վերադարձնէ իր հողերը, ինչքերն ու եկեղեցական կալուածները»,- աւելցուց ան։

Վ. Եագուպեան հաստատեց, որ Հայ Դատի աշխատանքները պիտի շարունակուին, եւ հայութիւնը պիտի փորձէ Եւրոպայի մէջ ամէն ձեւի ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ան ճանչնայ հայ ժողովուրդին դէմ օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք հիմնուած է արդի Թուրքիան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ