Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտական «Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» (BDP) կուսակցութեան պատգամաւոր Սըրրը Սաքըքը առաջարկած է «Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթին մասնակցիլ քրտերէն կամ հայերէն երգով. «Ատիկա աշխարհին ուղղուած կարեւոր ուղերձ պիտի ըլլայ»,- ըսած է ան:
Քիւրտ պատգամաւորը առաջարկած է նաեւ Եւրոտեսիլին քիւրդ երգիչ ուղարկել:
«Իրականութեան մէջ բոլորէն տարբերուիլը ատիկա պիտի ըլլար: Կը պատկերացնէ՞ք քիւրտ արուեստագէտն ու քրտերէն երգը աշխարհի վրայ ինչ ազդեցութիւն պիտի ձգէր: Ատիկա պիտի ապացուցէր մեր եղբայրութիւնը: Եթէ նման հնարաւորութիւն ընձեռուէր, ողջ աշխարհը պիտի տեսնէր, որ քիւրտերէնը կարեւոր եւ գրական լեզու է»,- ըսած է պատգամաւորը` աւելցնելով, որ եթէ այս տարի ատիկա հնարաւոր չըլլայ՝ կարելի է փորձել յաջորդ տարի:



Leave a Reply