«Եւրոտեսիլ»ին քրտերէն կամ հայերէն երգով մասնակցիլը աշխարհին ուղղուած կարեւոր ուղերձ պիտի ըլլայ. քիւրտ պատգամաւոր

Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտական «Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» (BDP) կուսակցութեան պատգամաւոր Սըրրը Սաքըքը առաջարկած է «Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթին մասնակցիլ քրտերէն կամ հայերէն երգով. «Ատիկա աշխարհին ուղղուած կարեւոր ուղերձ պիտի ըլլայ»,- ըսած է ան:

Քիւրտ պատգամաւորը առաջարկած է նաեւ Եւրոտեսիլին քիւրդ երգիչ ուղարկել:

«Իրականութեան մէջ բոլորէն տարբերուիլը ատիկա պիտի ըլլար: Կը պատկերացնէ՞ք քիւրտ արուեստագէտն ու քրտերէն երգը աշխարհի վրայ ինչ ազդեցութիւն պիտի ձգէր: Ատիկա պիտի ապացուցէր մեր եղբայրութիւնը: Եթէ նման հնարաւորութիւն ընձեռուէր, ողջ աշխարհը պիտի տեսնէր, որ քիւրտերէնը կարեւոր եւ գրական լեզու է»,- ըսած է պատգամաւորը` աւելցնելով, որ եթէ այս տարի ատիկա հնարաւոր չըլլայ՝ կարելի է փորձել յաջորդ տարի:

http://tert.am/hy/news/2012/03/03/kurdish-deputy/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ