Թուրքիոյ մէջ` վտանգաւոր զարգացում. ալեւի բնակարաններուն վրայ նշաններ

Թուրքիոյ մէջ անցնող օրերուն ընթացքին բացայայտուած է վտանգաւոր զարգացում մը, որ կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ, եթէ չփաստուի, որ անիկա պարզապէս «տղայական խաղ» մըն է։

Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ զարգացող յարանուանական լարուածութիւնը, Սուրիոյ մէջ տագնապին շարունակութիւնը, ինչպէս նաեւ թուրք պատասխանատուներուն կողմէ հնչող այն սպառնալիքները, որ Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ կրնան յարանուանական բախումներ բռնկիլ, աւելի եւս կը շեշտեն այն հաւանականութիւնը, որ այդ բախումները կրնան մեծ ազդեցութիւն ձգել Թուրքիոյ վրայ։

Գալով վտանգաւոր զարգացումներուն` Թուրքիոյ Ատեաման նահանգին մէջ (սուրիական սահմանին մօտակայ շրջան) անծանօթներ գունաւոր նշաններ դրած են շրջանին ալեւի թաղամասին մէջ գտնուող բնակարաններուն վրայ։

Այս մասին յայտարարած է նահանգի ալեւի երեսփոխան Հիւսէյն Աք Քիւն, որ անդամ է ընդդիմադիր Ժողովուրդահանրապետական կուսակցութեան։

Այս երեւոյթին անդրադարձան թրքական լսատեսողական լրատուամիջոցները, մամուլն ու ելեկտրոնային մամուլը։

«Միլլիէթ» թրքական օրաթերթը նշեց, որ եթէ այդ նշանները երեխաներու խաղի արդիւնք չեն եւ գծուած են անծանօթներու կողմէ, ապա այդ արարքները կրնան շատ լուրջ հետեւանքներ ունենալ։

Ըստ Հիւսէյն Աք Քիւնի` Ատեաման շրջանին մէջ կը բնակին տարբեր համայնքներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր թաղամասը։ «Սակայն նոյն գոյնով եւ նշանով ներկուած 25 բնակարանները կը պատկանին ալեւի բնակիչներու, իսկ շրջանին մէջ գտնուող սիւննի բնակիչներէն ոչ մէկուն տունը կը կրէ այդ նշանը»,- ըսաւ ան։

Ատեամանի նահանգապետ Ռամատան Սոտան շեշտեց, որ ապահովական ուժեր ժամանած են նոյն շրջանը եւ ստուգած այն բնակարանները, որոնք կը կրեն այդ նշանները, եւ ըստ այնմ համապարփակ հետաքննութիւն բացած այդ մասին։ Ապահովական ուժերն ու ոստիկանութիւնը այցելած են սոյն բնակարանները եւ բնակչութեան հարցումներ ուղղած` նկատի ունենալով, որ անոնք ոստիկանութեան բողոք ներկայացուցած էին եղելութեան մասին եւ պահանջած այդ նշանները գծող կողմերուն ինքնութեան ու անոնց հետապնդած նպատակներուն բացայայտումը։

Ատեամանի ալեւի թաղամասի թաղապետ Մեհմեթ Ղուրսու նշեց, որ այդ շրջանին բնակչութիւնը մտահոգ է եւ վախով կ’ապրի։ «Գունաւոր նշաններ կրող բոլոր բնակարանները ալեւիներու բնակարաններ են, ինչ որ մտահոգիչ իրականութիւն է բոլորին համար, ե’ւ ալեւիներուն ե’ւ սիւննիներուն։ Կը մաղթենք, որ դէպքը դուրս գայ իբրեւ տղայական աքթ։ Սակայն այդ նշանները կը յիշեցնեն տարիներ առաջ Քահրաման Մարաշի մէջ նմանօրինակ դէպք մը, ուր բռնկեցան ալեւի-սիւննի բախումներ, որոնք պատճառեցին տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ։

Բայցեւայնպէս այդ բախումները կրնան հրահրումի հետեւանք սեպուիլ, եւ պէտք չէ արտօնել, որ անոնք խախտեն մեր շրջանին կայունութիւնը»,- ըսաւ Ղուրսու։

«Զաման» օրաթերթին համաձայն` ալեւի բնակարաններուն վրայ զետեղուած գունաւոր նշանները նման են  Քահրաման Մարաշի մէջ զետեղուած նշաններուն։ «Ատեամանի նահանգապետը քաղաքացիներուն մտահոգութիւնները փորձած է փարատել` ըսելով, որ մտահոգութեան կարիք չկայ, եւ ոստիկանութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` բացայայտելու համար այդ արարքը գործող կողմերուն ինքնութիւնը»,- նշուեցաւ նոյն օրաթերթին մէջ։

Միւս կողմէ` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան առաջին հակազդեցութիւնը դրսեւորուեցաւ Ատեամանի երեսփոխան Մոհամետ Մեթինիրի կողմէ, որ խստիւ դատապարտեց այդ արարքը` նշելով, որ  բնակարաններուն վրայ զետեղուած այդ գունաւոր նշանները չեն կրնար «բարի նպատակ» ունենալ։

ՄՈՀԱՄԵՏ ՆՈՒՐԷՏՏԻՆ

«ՍԱՖԻՐ»

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ