Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը 1 միլիոն անդա՞մ ունի

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- Ուաշինկթընի մօտ հիւսիսային Իրաքի քրտական վարչախումբի ներկայացուցիչ Քուպաթ Թալապանի, Թուրքիա-Իրաք յարաբերութիւններու մասին «Հապերթիւրք»ին մէջ ըրած մեկնաբանութեան ընթացքին յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը մէկ միլիոնէ աւելի անդամ ունի:

Ակնարկելով հիւսիսային Իրաք ապաստանած քիւրտ յեղափոխականներու վրայ թրքական յարձակումներուն՝ Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանիի որդին ըսած է, թէ նման գործողութիւններ անիմաստ են, եւ Թուրքիա պէտք է ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ իր սահմաններէն ներս գտնուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամներուն վրայ: Ան աւելցուցած է, թէ քրտական հարցը կարելի չէ ռազմական ճանապարհով լուծել: «Քրտական հարցը ինքնութեան, պատմութեան, քաղաքականութեան, մշակոյթի խնդիր է եւ անիկա հիմա Թուրքիոյ ներքին հարցն է», եզրակացուցած է Ք. Թալապանի:

http://asbarez.com/arm/124106/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ