Ս. Ծննդեան Տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենադպիր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան 28 Յունուար 2012, Շաբաթ գիշեր իր հետ ունենալով Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեանը շոգեկառքով մեկնեցաւ Անգարա։ Տէր Հայրը դիմաւորուեցաւ Անգարաբնակ մեր ազգայիններէն Պարգեւ Չէրքէզի կողմէ եւ հիւրասիրուերաւ իրենց բնակարանին մէջ։
Ժամը 11.00-ին Անգարայի Ս. Թէրէզա Ֆրանսական Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ, որուն մասնակցեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ օժանդակ երէցը՝ Հ. Ժան Մարք Պալհան։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն։
Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանան ընկերակցութեամբ Տիար Կարապետ Սէօքէլիի քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հ. Փաթրիս Ժիւլիէն տը Փոմէրօլ Վարդապետին, որ վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուած ըլլալով կը հանգստանար հովուատան մէջ։ Տէր Հայրը արագ ապաքինում մաղթեց իրեն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ եկեղեցւոյ մէջ առիթ ընծայուած էր Հայածէս Ս. Պատարագի մատուցման։
Նոյն օրը, ժամը 17.00-ին Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանան Ս. Թէրէզա Եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Պարգեւ Չէրքէզ եւ Ժէրմէն Զիրէք զոյգին Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը։
Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանան եւ Բրշ. Արթուն Սարկաւագ Երկուշաբթի առառօտուն շոգեկառքով վերադարձան Ստանպուլ։
Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու
Leave a Reply