Պասքըն Օրանի ինքնատիպ յօդուածը «Րատիքալ»-ի մէջ

«ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆ ԿՈՂՄԷՆ ԵԿԱԾ ՀԱՅԵՐ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ ՄԸ ԸՐԻՆ»

«Րատիքալ»-ի Կիրակիի յաւելուածականին մէջ յայտնի հրապարակագիր ու համալսարանի դասախօս Պասքըն Օրան ստորագրած էր ինքնատիպ յօդուած մը, որ նախ զարմանք կը պատճառէր, յետոյ կը պարզէր նշանակալից խորհուրդ մը։ Պասքըն Օրանի յօդուածը կը կրէր տարօրինակ խորագիր մը. «Անգարայի մէջ հայերու ուժի ցուցադութիւնը»։ Հայերը ի՞նչպիսի ցոյց մը ըրած էին Անգարայի մէջ, կրելով վերտառութիւններ որոնց վրայ մէկմէկ խաչ քաշուած էր Կիւլին, Էրտողանին ու Տավուտօղլուին դէմքերուն վրայէն եւ անոնց տակ գրուած էր «Թշուառներ»։ Հայերը ե՞րբ Անգարայի մէջ ցոյց մը ըրած էին։

Արդ՝ Պասքըն Օրան որպէս ամենավերջին լուր, կը գրէր որ Անգարայի մէջ, երբ լսուեցաւ որ «ցեղասպանութիւն եղած է» ըսողները պատժող 301 թիւ օրէնքը կը պահէր իր ուժը, բողոքի խոշոր ցոյց մը կազմակերպուեցաւ աշխարհի զանազան երկիրներէն Անգարա ժամանած հայերու կողմէ։ Ցոյցի ընթացքին մեծ թիւով հայեր Հայաստանի դրօշակը պարզեցին, հայանպաստ լոզունգներ պոռացին, վերտառութիւններով քննադատեցին Թուրքիոյ հանրապետութեան ղեկավարները։ Երբ հայ ցուցարարները ուզեցին քալել դէպի Խորհրդարան, ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացաւ։ Այդ միջոցին ոստիկաններուն արձակած կազերէն կարգ մը ցուցարարներ անհանգստացան ու փոխադրուեցան Հաճէթթէփէ հիւանդանոց։ Արտաքին Նախարարութենէն վերջին վայրկեանին եկած հրահանգով՝ ոստիկանները արտօնեցին որ հայերը քայլարշաւ մը իրականացնեն։

Հայ ցուցարարները Եւրոպայէն ու Հայաստանէն եկած էին մասնաւոր սաւառնակներով, բայց 600 օթօպիւսներով հայեր ալ եկած էին մասնաւորաբար Լիբանանէն ու Սուրիայէն։ Ցուցարարներուն թիւը հասած էր քառասուն հազարի, ասոնք 301 թիւ օրէնքին դէմ բողոքներ արձակեցին ու քալեցին դէպի Թուրքիոյ Խորհրդարանը։ Ցուցարարները քալելու ընթացքին թրքերէն լոզունգներ ալ կ՚արձակէին, կը պոռային. «Զարկ զարկ, թող աղաղակէ, Էրտողանը թող իմանայ», «Ո՞ւր է կարծիքի ազատութիւնը, հոստեղի բոլոր հայերը պիտի բանտարկէ՞ք»։ Ցուցարարները «կարմիր-կապոյտ-նարնջագոյն» կը պոռային, կը պոռային նաեւ «Աստուած մեծ է»։ Անոնց միջեւ էին «Սողոմոն Թէհլիրեան Կոմիտէ» կոչուած մարմնի մը անդամները։ Անգարայի ժողովուրդը մեծ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ երբ ցուցարարները պարզեցին վերտառութիւններ, ուր Կիւլին, Էրտողանին ու Տավուտօղլուի դէմքերուն վրայ խաչ քաշուած էր ու տակն ալ գրուած էր. «Թշուառներ»։

Խումբ մը Թուրք ազգայիններ հակացոյց մը ըրին ու պոռացին. «Թուրքերը ցեղասպանութիւն չեն ըներ, եթէ ընէին, մէկ հայ մնացած չէր ըլլար։ Ցեղասպանութեան պնդումը խոշոր սուտ մըն է»։

Ոստիկանութիւնը միջամտեց ու չարտօնեց որ երկու խմբակներուն միջեւ բախում մը պատահի։ Հայերը իրենց ցոյցը աւարտին բերին երգելով Հայաստանի ազգային քալերգը՝ «Մեր Հայրենիք»ը ու ցրուեցան առանց ուրիշ միջադէպի տեղ տալու։

Պասքըն Օրան, որ այս լուրը կը հաղորդէր որպէս վերջին վայրկեանի լուր, իսկապէս զարմանքի կը մատնէր ընթերցողը, որ հարց կուտար որ ի՞նչպէս կը պատահէր որ հայերը Անգարայի մէջ այսպիսի ցոյց մը կ՚ընէին ու մենք լուր չէինք ունենար։ Բայց պատասխանը յօդուածին վերջաւորութեան վրայ է։ Պասքըն Օրան, որպէս անհրաժեշտ նօթագրութիւն, յօդուածի վերջաւորութեան կը գրէ որ վերի լուրը ամբողջովին երեւակայական է։ Ասիկա հեգնական գրականութիւն մըն է։ Անգարայի մէջ հայերը ցոյց եւայլն չեն ըրած։ Ասիկա Թուրքերու կողմէ Փարիզի մէջ 40 հազար հոգիով կատարուած ցոյցին նոյնութեամբ Թուրքիա փոխադրուած հակադիր մէկ ձեւն է։

Յայտնի է որ Պասքըն Օրան ինչ ըսել կ՚ուզէ այսպիսի երեւակայական լուր մը գրի առնելով։ Ան այս կերպով ըսել կ՚ուզէ որ 40 հազար Թուրքեր կրնան Փարիզի մէջ ցոյցեր ընել, խաչեր քաշել Սարքոզիներուն դէմքին վրայէն, «Թշուառներ» կոչել զանոնք, բայց Հայերը չէին կրնար Անգարա գալ ու նմանօրինակ ցոյց մը ընել։ Իսկ ասկէ ալ ի՞նչ հետեւութիւն կը հանուի, ընթերցողը թող ինք տրամաբանէ։

«ՄԱՐՄԱՐԱ»

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ