Հայ Դատը կը քննադատէ Քլինթընը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը խստօրէն քննադատեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կողմէ Հինգշաբթի, Յունուարտ 26ին կատարուած այն յայտարտարութիւնը, թէ Ուաշինկթընի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը «շատ վտանգաւոր դուռ մը պիտի բանայ»՝ պատասխանելով Ֆրանսայի խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին մասին հարցումի մը: Քլինթըն կրկնեց, թէ ասիկա պէտք է պատմական քննարկումի նիւթ դարձնել:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչը խստօրէն քննադատեց Քլինթընի այս յայտարարութիւնը՝ զայն Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ուրացման քաղաքականութեան մեղսակցութիւն նկատելով, յիշեցնելով, թէ նոնինքն Քլինթըն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ճօ Պայտըն, նախքան ներկայ վարչակազմին գլուխը անցնիլը, հաստատած էին, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն մըն է եւ խոստացած էին զայն ճանչնալ, իշխանութեան գլուխ գալէ ետք:

Հայ Դատը նաեւ դատապարտած է այն իրողութիւնը, որ մինչ Քլինթըն մօտիկ կապեր ունի Թուրքիոյ համար լոպիական աշխատանք կատարողներու հետ, ցարդ մերժած է ամերիկահայութեան հետ հանդիպելու դիմումները:

http://asbarez.com/arm/121365/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ