Anonymous կայքահէնային միջազգային խումբի անդամները, Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը չճանաչելու առնչութեամբ, Youtube ի մէջ տեսանիւթ զետեղած են, որուն մէջ, մասնաւորապէս, կ’ըսուի.
«1915 թուկանին թուրքերը միլիոնաւոր հայեր սպանած են: Այժմ դուք պէտք է պատասխան տաք ձեր արարքներուն համար: Թուրքերուն կողմէ մօտ երկու միլիոն մարդ սպանուած է, որոնց մէջ` երեխաներ, կանայք, եւ դուք դեռ կը ժխտէք ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Դուք նաեւ հայերու պատմական հողը գրաւած էք:
Ձեզմէ շատեր հնարաւոր է` չեն լսած Հայոց ցեղասպանութեան մասին, բայց լսած են հրեաներու Ցեղասպանութեան մասին: Գերմանիան իր արարքներուն համար մինչեւ այսօր կը շարունակէ «վճարել» հրեաներուն, եւ այժմ ժամանակն է, որպէսզի Թուրքիան ետ վերադարձնէ մեր հողերը եւ հատուցէ կորսուած կեանքերուն համար: Ասիկա Ձեզի ուղղուած զգուշացում է. մենք պիտի սկսինք մեր թիրախը դարձնել Թուրքիոյ կառավարական կայքերը` մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Ֆրանսայի դէմ ձեր դիմադրութիւնը անօգուտ է: Ֆրանսացի ծերակուտականները պիտի ընդունին այդ օրինագիծը (տեսանիւթը Youtube –ի մէջ տղադրուած է Յունուար 25ին, հաղորդագրութիւնը, հաւանաբար, անկէ առաջ տարածուած է, քանի որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը Ցեղասպանութիւններու մասին օրինագիծը քննարկեց եւ քուէարկութեան դրաւ Յունուար 23ին), եւ անոնց (ծերակուտականներուն) հարիւրաւոր պատմաբաններ կ’աջակցին: Դուք պիտի չանդամակցիք Եւրոմիութեան:
Ասիկա նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը դեռեւս չընդունած բոլոր երկրներուն դէմ ուղղուած «հաղորդագրութիւն» է»:
Ասիկա կատակ չէ: ԱՄՆ–ի մէջ իւրաքանչիւր չորս տարին մէկ ԱՄՆ նախագահ դառնալ ցանկացող իւրաքանչիւր պաշտօնեայ հայ ժողովրդին կ’ըսէ, թէ պիտո ճանչնայ Հայոց Ցեղասապանութիւնը, Միացեալ Նահանգներ, սակայն, դեռ չէ ճանչցած զայն: Եթէ նման բան տեղի ունենայ յաջորդ տարի, մենք կը սկսինք մեր թիրախը դարձնելու ԱՄՆ–ի պաշտօնական կայքերը:
Մենք Anonymous ենք: Մենք լեգիոն ենք: Չենք ներեր եւ չենք մոռնար: Սպասէք մեզի»:
http://tert.am/hy/news/2012/01/27/anonymous/
Leave a Reply