Իրաքի քիւրտերուն պատկանող «Սաութ Իրաք» կայքին վրայ զետեղուած է Զուհէյր Շընթաֆի՝ «Թուրքիա պէտք է հայերուն փոխհատուցում կատարէ» խորագիրով յօդուածը։ Յօդուածագիրը կը գրէ, թէ Ֆրանսայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրումէն ետք, հայերուն դիմաց Թուրքիայէն փոխհատուցում պահանջելու ճամբան հարթուած է։ Շընթաֆ աշխարհի հայկական կազմակերպութիւններուն կը յորդորէ փոխհատուցում ստանալու նպատակով՝ Թուրքիոյ դէմ դատական հայցեր ներկայացնել։ Յօդուածի վերջաւորութեան ան հարց կու տայ. «Արդեօք առանց ներում հայցելու հայերուն դէմ իրենց գործածին համար, թուրք քաղաքագէտներուն Ֆրանսա մուտք գործելը արգիլող նոր որոշում մը պիտի տեսնե՞նք», եւ փափաք կը յայտնէ, թէ հայկական կազմակերպութիւնները այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանին։
http://asbarez.com/arm/121336/
Leave a Reply