Թուրք յայտնի լրագրող, հաղորդավար Մեհմէթ Ալի Պիրանտ «Միլլիեթ»ի մէջ հրապարակած իր յօդուածով կ’անդրադառնայ Ֆրանսայի Ծերակոյտին որդեգրած օրինագիծին։ Եղածը եղաւ, եւ սպասուած արդիւնքը պարզ է: Ֆրանսայի մէջ ընդունուած օրինագիծը ամբողջութեամբ քաղաքական նպատակ կը հետապնդէր,-կ’ըսէ ան։
«Մենք որքան խիստ հակադարձենք, ինչ ալ ընենք, Սարքոզի իր ուզածներուն հասաւ: Ան կանխեց ընտրութիւներէն առաջ հայկական քուէները Սոցիալիստներու կողմ երթալը։ Միեւնոյն ժամանակ Անգարայի Եւրոմիութիւն գացող ճանապարհը քիչ մը աւելի փակեց»,- կը գրէ Պիրանտ եւ կ’ընդգծէ,- «Վստահ եմ, որ դուք նկատած էք Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի քննարկումներուն ժամանակ գրեթէ բոլոր ելոյթ ունեցողները ըսին, թէ «Ցեղասպանութիւն» պատահած է եւ Թուրքիան է պատասխանատուն: Մենք այս երեւոյթին վրայ պէտք է աւելի կարեւորութիւն դարձնենք: Ո՛չ միայն Ֆրանսան, այլեւ միջազգային հասարակական կարծիքը ընդունած է մեր «Ցեղասպանութիւն» գործելը: Իսկ ներկայիս քննարկուածը պատժելու մասին է: Յետագային աւելի շատ խօսք պիտի ըլլայ պատժամիջոցներուն մասին»:
Պիրանտ նաեւ նշած է, թէ 2015-ը հայերուն համար շատ կարեւոր թուական է: «Ըստ իրենց` «Ցեղասպանութեան» 100-ամեակն է, եւ այն ժամանակ ամբողջ աշխարհը «Ցեղասպանութիւն»ը պէտք է ընդունի, եւ Թուրքիան դատապարտուի ու պատժուի: Մեզի համար կարեւորը այս է»,- ընդգծած է լրագրողը:
Ըստ անոր` այսօր իրենց ցուցաբերելիք հակազդեցութիւնները, առնելիք քայլերը պէտք է ըլլան համաձայն 2015-ին: «Մեր հաշուարկներն ալ ասոր համայաձայն պէտք է կատարենք: Ներկայի մեր հակադարձները պէտք է համապատասխանեն ապագայի մեր պատասխաններուն»,- ըսած է Պիրանտ եւ աւելցուցած,- «Ծայրահեղ հակադարձ պատասխանները կը մեկուսացնեն մեզ, անիրաւի տեղ կը դնեն, կը վնասեն»:
«Չմոռնանաք` վաղը հերթը Ամերիկայինն է, յաջորդ օրը հաւանաբար Գերմանիան կամ Սպանիան կրնան միանալ այս կարաւանին: Այսօրունէ պէտք է հաշուարկենք, թէ այն ժամանակ ինչ պիտի ընենք: Էրտողանի երէկուան հակադարձը շատ ճիշդ կը գտնեմ: Պոռալ, կանչելու փոխարէն, մեզի վնաս հասցնող տնտեսական արգելքներ դնելու փոխարէն աւելի հանդարտ պէտք է վարուինք:
«Անշուշտ հակադարձութիւններ եւ քայլեր պիտի ըլլան, բայց պէտք է վարուիլ «Եւրոպացի»ի պէս»,- կը գրէ Պիրանտ եւ անդարդառնալով Թուրքոյ մէջ տեղի ունեցած երեւոյթներուն` կը նշէ. «Մինչեւ հիմա ի՞նչ տեսարաններու հանդիպեցանք. փողոցներուն մէջ թուրք ցուցարարներու կողմէ Ֆրանսայի դրօշը այրուեցաւ, հայհոյանքներով լեցուն խօսքեր ըսուեցան: Սխալ մըն է, որ կը շարունակուի: Այսքանով չբաւարարուեցանք, քաղաքապետարանները փողոցներու անուններ փոխեցին, աւելի տարօրինակը` ֆրանսական դպրոցները խուզարկելու համար պատուիրակութիւններ ղրկուեցան: Այսպէս ընելով` միջազգային հանրութեան առջեւ մեր նկատմամբ յարգանքը կը կորսնցնենք եւ մենք մեզի վնասած կ’ըլլանք:
Ամէն ինչի մասին կարծիք ունինք եւ ինչ ընելու մասին կը խօսինք:
Գիտելիք չունինք, բայց կարծիք շատ ունինք: Այս օրերուն նորաձեւութեան պէս Ֆրանսան ինչպէս պատժելու մասին այնքա~ն կարծիքներ կան: Լրագրողէն մինչեւ մտաւորականը, քաղաքական գործիչէն մինչեւ փողոցի պարզ քաղաքացին առաջարկ մը ունի:
Ոչ մէկը տեղեկութիւն ունի, բայց՝ գաղափար ունի: Մեկնաբաններէն, յատկապէս ամէն ինչ գիտցողի պէս խօսող լրագրողներէն խնդրանք մը ունինք. կը խնդրենք հասարակութիւնը չհրահրել: Դուք որքան չափազանցէք, փողոցի մարդիկ աւելի կը թռչին: Այսպիսով մենք մեզի վնաս կը հասցնենք»,- կ’ընդգծէ թուրք լրագրողը:
Leave a Reply