Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ, Միութիւն յանուն ժողովրդական շարժման կուսակցութեան պատգամաւոր Վալերի Պուայէ, ինչպէս նաեւ անոր խորհրդական, ազգութեամբ հայ Գարօ Եալըչք երէկ հանդիպած են ֆրանսահայ քաղաքական գործիչներու, գործարարներու եւ այլ պաշտօնեաներու հետ: Որմէ ետք Եալըչք հարցազրոյց տուած է անգլիալեզու Hurriyetdailynews.com կայքին, ուր անդրադարձած է Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագծին:
«Ֆրանսա Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանաչցած է 2001-ին, մենք դեռ պէտք է հասկնանք, թէ այս օրինագիծը այժմ ինչու աւելի մեծ դիմադրութեան կը հանդիպի: Ասիկա Թուրքիոյ դէմ ուղղուած օրինագիծ չէ, ան պարզապէս կը լրացնէ իրաւական բացերը»,– ըսած է է Եալըչք:
Եալըչք նաեւ անհաւանական համարած է այն, որ օրինագիծը կը բողոքարկուի Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանին մէջ: «Անհնար է ստանալ թիւով 60 ծերակուտականի հաւանութիւնը` Սահմանադրական դատարան դիմելու համար,– ըսած է ան եւ աւելցուցած,– Այս օրինագիծը պիտի երաշխաւորէ թուրքերու իրաւունքները եւս: Մենք Թուրքիոյ ներքին գործերուն չենք խառնուիր, Թուրքիա ալ պէտք չէ խառնուի մեր գործերուն»:
«Մի՞թէ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը 1923-ին չէ հիմնադրուած: Այդ պարագային 1915-ը ինչու՞ այդքան շատ կը վախեցնէ Թուրքիան»,–նշած է ան:
Եալըչք անդրադարձած է նաեւ Յունուար 21-ին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ թուրքերու իրականացուցած բազմահազարանոց բողոքի ցոյցին. «Այդ մարդոց մեծ մասը (մօտ 30 000 մարդ մասնակցած էր) աշխատաւոր դասին կը պատկանի: Եթէ Թուրքիա, իրապէս, կը ցանկանայ իր սեփական ժողովուրդին համար ինչ-որ բան ընել, ապա պէտք է օժանդակէ անոնց ընդելուզմանը Եւրոպային: Լոպպինկը դժուար գործ է»,– ըսած է ան:
«Հայկական յուշարձաններու վրայ յարձակումները դեռ կը շարունակուին: Օրինագիծին նպատակը նման միջադէպերը կանխելն է,–ըսած է Եալըչք եւ աւելցուցած,– շարքային թուրքը Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար պիտի չպատժուին, քանի որ այդ օրինագիծը իրաւական ուժ ունի միայն թերթերուն, միութիւններուն եւ պետական հիմնարկներուն համար:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայիպ Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ Ֆրանսա 20-րդ դարու կէսերուն ալժիրցիներու ցեղասպանութիւն իրականացուցած է, խորհրդականը ըսած է, որ այդ յայտարարութեամբ Թուրքիա ակնյայտօրէն կը խոստովանի 20-րդ դարու իր յանցագործութիւնը. «Ան կ’ուզէ ըսել` մենք նման բան ըրած ենք, սակայն դուք եւս ըրած էք»:
http://tert.am/hy/news/2012/01/25/yalick/
Leave a Reply