Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնը Անգարային 10 առաջարկ ներկայացուցած Է

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն»,- Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոեան ներկայացուցած է թղթածրար մը իւրայատուկ ծրագիրներու եւ առաջարկներու, զորս պէտք է իրականացնէ թրքական կողմը նախքան Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի եւ թրքական պատմութեան անցանկալի էջերու քննարկման անցնիլը:

Հետեւեալ առաջարկները Հայկ Դեմոյեան ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Museum G-Brief ելեկտրոնային պարբերականին մէջ:

1. Մտաւորական քննարկումներու ընթացքին անհրաժեշտ է վերանայիլ քեմալական ժառանգութեան՝ հրաժարելով պատմական իրադարձութիւններու քննարկման եւ յիշողութեան վրայ դրուած գրաքննութենէն:

2. Անհրաժեշտ է վերացնել թուրք ժողովուրդին վիրաւորանք հասցնելու վերաբերեալ Քրէական օրէնսգիրքի 301 յօդուածը եւ հնարաւորութիւն տալ թուրք գիտնականներուն, լրագրողներուն ազատօրէն արտայայտելու իրենց կարծիքը՝ առանց վախնալու, որ կրնան մեղադրուիլ իրենց տեսակէտներուն եւ եզրակացութիւններուն համար:

3. Թոյլ տալ թուրք եւ օտար հետազօտողներուն` ազատօրէն կատարելու իրենց սեփական հետազօտութիւնները: Ամբողջութեամբ բանալ թրքական արխիւները, ներառեալ՝ Գլխաւոր շտապի արխիւը. գաղտնազերծել այն փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին 1919-1922ին թրքական ռազմական դատարանի լսումներուն, որոնց իբրեւ արդիւնք Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացման համար պատասխանատու հիմնական յանցագործները մահուան դատապարտուեցան:

4. Անհրաժեշտ է, որ Թուրքիան ձեռնարկէ իրական քայլերու՝ կանխելու հայկական մշակութային ժառանգութեան յուշարձաններու հետագայ ոչնչացումը: Այս տեսանկիւնէն ողջունելի կ՛ըլլայ այլ քայլ մը, եթէ Անգարան որոշէ հեռացնել թրքական դրօշները հայկական յուշարձաններէն, յատկապէս այն եկեղեցիներէն, որոնք վերածուած են ռազմական պահեստներու:

5. Յամառօրէն կ՛առաջարկենք, որ թրքական ուսումնական գիրքերէն դուրս բերուին Թուրքիոյ տարածքին բնակող հայերու եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու հանդէպ ատելութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն քարոզող հատուածները: Կարեւոր է նաեւ թրքական դպրոցներուն մէջ դադրեցնել քաղաքական շարժառիթներով ժխտողական քարոզարշաւի որեւէ դրսեւորում:

6. Վերջ դնել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման եւ այդպիսով նաեւ թրքական պատմութեան անքակտելի մասի հերքման նպատակով գիտնականներուն հետ ֆինանսական գործարքներուն. Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն հայոց, այլեւ թրքական պատմութեան եւ յիշողութեան մասն է:

7. Ընդունիլ միջազգայնօրէն ճանչցուած եւ գիտականօրէն ընդունուած սահմանում՝ «1915ի ողբերգական դէպքեր»ուն համար, ճանչնալ Թուրքիոյ կողմէ նախապէս կատարուած յանցագործութիւնները իբրեւ Ցեղասպանութիւն եւ վերջ դնել անոնց ժխտման փորձերուն:

8. Ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Անատոլուի բնիկ այլ ժողովուրդներու՝ յոյներու եւ ասորիներու դէմ, իրականացուած ցեղասպանական գործողութիւնները` իբրեւ Թուրքիոյ պատմութեան ամօթալի էջ, եւ պատրաստ ըլլալ առանց որեւէ վերապահումներու եւ լեզուական դարձդարձիկ ձեւերու ներում հայցելու:

9. Ճանչնալով եւ ներում հայցելով կատարուած ցեղասպանութեան համար՝ Թուրքիան պէտք է պատրաստ ըլլայ անոր հետեւանքներու վերացման. առ այդ պէտք է դիմէ համապատասխան քայլերու՝ թուրք հասարակութիւնը նախապատրաստելու նման զարգացումներու:

10. Անգարայի համար մեծ քայլ պիտի ըլլայ, եթէ ան որդեգրէ հետեւեալ կարգախօսը՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, դատապարտում, ներողութիւն եւ հետեւանքներու վերացում»:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնը կ՛առաջարկէ թրքական կողմին նաեւ ստեղծել քանի մը յանձնաժողով, ինչպէս սահմանային հարցերով թուրք-հայկական, թուրք-եւրոպական եւ թուրք-սուրիական յանձնաժողովներ, որոնք թոյլ պիտի տան Թուրքիոյ դէմ յանդիման կանգնելու իր սեփական պատմութեան:

«Արդեօք սա հնարաւո՞ր է իրականացնել մինչեւ 2023 թուականը՝ Թուրքիայի հանրապետութեան 100ամեակը: Կարծում եմ` աւելի քան հնարաւոր է», եզրափակած է Հայկ Դեմոյեան:

http://asbarez.com/arm/121038/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ