Խմբագրական. Ժխտողականութիւն X 2

Շահան Գանտահարեան

«Ազդակ» օրաթերթի գլխավոր խմբագիր

Ֆրանսայի ծերակոյտին քուէարկութիւնը կարելի է դիտարկել իբրեւ բեկումնային հանգրուան` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն մէջ: Որոշումի յանգման դրդապատճառները, շարժառիթները տարատեսակ են: Այդ բոլորի մասին տակաւին կ՛անդրադառնան ինչպէս միջազգային եւ ֆրանսական լրատուադաշտը, այնպէս նաեւ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցները: Օրինագիծի որդեգրումին անմիջականութիւնը նկատի ունենալով`     այս հանգրուանին աւելի քան ընկալելի են հասարակական հարթութեան վրայ տիրական ներկայութիւն եղող զգացականութիւնը, յաղթողի դրսեւորումները եւ բուռն երախտագիտութիւնը: Տակաւ կը կայանան իրադրութիւններուն քաղաքական բանականութեամբ մեկնաբանութիւնները:

Հայկական կողմի զուգընթաց աշխատանքներն ու արձագանգները (գնահատական, ողջոյնի, արդար ակնկալութիւններու) կը շեշտեն համահայկական կարեւոր թղթածրարի մը նկատմամբ պետական-հասարակական կամ հայրենիք-սփիւռք կեցուածքներու համատեղելիութիւնն ու ներդաշնակութիւնը: Կարեւոր այս թղթածրարի շրջադարձային այս հանգրուանին փաստօրէն արգելակուած է նաեւ թրքական խաղը` ծայրայեղ սփիւռքը չափաւորական Հայաստանին հակադրելու: Այստեղ կեցուածքներու, դիրքորոշումներու եւ պահանջներու տարբերութիւններ չկան: Միեւնոյն պահանջով եւ արձագանգներով հանդէս կու գան թէ՛ պաշտօնական Երեւանը եւ թէ՛ սփիւռքեան կազմակերպութիւնները:

Մինչ հայկական կողմը դիրքորոշումներու տրամաբանական ներդաշնակութիւն կը դրսեւորէ, թրքական կողմը նոյնիսկ պետական մակարդակով վերիվայրումներով յատկանշուող հակասական կեցուածքներով հանդէս կու գայ:

Չկեդրոնանանք վարչապետ Էրտողանի` այլեւս Ֆրանսա չայցելելու խոստումին կամ Փարիզի մէջ թրքական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը դեսպանի մակարդակէն հաւատարմատարի աստիճանին իջեցնելու յայտարարութեան վրայ: Կարելի է երկարել շարքը նման սպառնալիքներու, որոնք յամենայն դէպս դադրած են բարացուցականութենէ:

Վարչապետ Էրտողան ժխտողականութեան նոր տարբերակի մը գլուխգործոցը կը ցուցադրէր համայն աշխարհին` մեծ ետքայլ մը առնելէ ետք:

Այսպէս. սպառնալիքներուն վճռական շեշտեր տալէ ետք` Էրտողան քաղաքական պարանաձգութեան կանգառ (թայմ աութ) կը յայտարարէր, երբ իր կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստին կը հաստատէր. «Մենք կը սպասենք` տեսնելու, թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ յառաջիկայ ամիսներուն, ապա կը ձեռնարկենք մեր պատասխան քայլերուն: Առկայ տագնապը պէտք չէ վերածուի լայնածիր տարողութեամբ խնդիրի»:

Նման ետքայլ մը, լարուածութիւնը գագաթնակէտին հասցնելէ ետք, վերիվայրումէ աւելի կտրուկ զառիթափով կարելի է մեկնաբանել միայն: Եթէ առաջադրուածը լայնածիր տարողութեամբ խնդիրէ խուսափում է, կը նշանակէ, որ հակազդեցութեան կարգով առնուելիք քայլերու սպառնագիրը պարզապէս օդը արձակուած կրակոց է: Քաղաքական գործնական տրամաբանութեամբ ալ պէտք է ընկալել վարչապետ Էրտողանի արձանագրած կանգառը:

Գլուխգործոցը,, սակայն, հետեւեալ յայտարարութիւնն է. վարչապետ Էրտողան միեւնոյն նիստին յայտնելէ ետք, որ ինք կարեւոր չի նկատեր Ֆրանսայի ո՛չ Ազգային ժողովին եւ ո՛չ ալ Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած որոշումները, հաստատած է. «Թուրքիոյ համար օրինագիծը գոյութիւն չունի»:

Պարզ ու յստակ. ինչպէս որ Հայոց ցեղասպանութիւն գոյութիւն չունի, հիմա ալ ֆրանսական օրինագիծ գոյութիւն չունի: Այս մէկը ամէնէն աղաղակող փաստն է, որ Թուրքիան շատ հետեւողական է իր ժխտողական քաղաքականութեան մէջ, որ այս պարագային միայն հայերուն չի վերաբերիր: Ժխտումներու այս կուտակումը ի վերջոյ կրնայ յանգեցնել ինքնախաբէութեան տարածքի մը, ուր Թուրքիան ինքնամեկուսացուած կարգավիճակով կրնայ յաջորդաբար ժխտել ու ժխտել անընդմէջ բոլոր այն երեւոյթները, որոնք 301 յօդուածով դատապարտելի են:

Եւրոպան պէտք է նախապատրաստուի քրէականացնելու այն բոլոր հրապարակումները, որոնք կը ժխտեն եւրոպական երկիրներուն որդեգրած օրէնքներուն գոյութիւնը…

http://www.aztagdaily.com/?p=49484

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ