Ֆրանսիայի Ծերակոյտէն վերստին հնչեց արդարութեան ձայնը. Գարեգին Բ` Ֆրանսայի նախագահին

Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ Յունուար 24ին շնորհակալական նամակ մը յղած է Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծի ընդունման կապակցութեամբ:

Վեհափառ հայրապետը մասնաւորապէս ըսած է.

«Հայոց հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն կ’ողջունեմ եւ Հայրապետական Մեր օրհնութիւն կը բերում Ձեզի, Ֆրանսայի պետական այրերուն եւ ֆրանսացի եղբայր ժողովուրդին՝ արտայայտելով մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհասփիւռ մեր զաւակներուն երախտագիտութիւնը Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքը Ծերակոյտի մէջ ընդունելու համար:

Ուրախ է հայութիւնը ի սփիւռս աշխարհի: Ֆրանսիայի Ծերակոյտէն վերստին հնչեց արդարութեան ձայնը, որուն յաղթանակին աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը կը սպասէ մէկ հարիւրամեակ: Այսօր հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու ջերմ բարեկամութիւնը կը զարդարուի մարդու եւ ազգերու իրաւունքների պաշտպանութեան նոր ձեռքբերումով, որ հայ նահատակներու լոյս յիշատակի առջեւ սփոփանք կը բերէ մեր ժողովրդին եւ կ’ամրապնդէ հաւատքը Հայոց Ցեղասպանութեան համընդհանուր դատապարտման:

Ընդունուած օրէնքը կը վկայէ Ձեր, Ֆրանսայի պետութեան եւ ժողովուրդի անխախտ նախանձախնդրութիւնը ժողովրդավարական սկզբունքներու, համամարդկային արժէքներուն հանդէպ, որոնց ամրագրումը կը բացառէ աշխարհի մէջ բռնութիւններն ու մարդկութեան դէմ գործուող ողբերգական ոճիրները»:

http://tert.am/hy/news/2012/01/25/garegin-b/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ