Ստանպուլահայ ուխտաւորներ Երուսաղէմի մէջ


Պատրիարքական Աթոռոյս հովանաւորութեամբ կազմակերպուած Ս. Ծննդեան ուխտագնացութիւնը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մէջ։ Հին տոմարով կատարուող արարողութիւններուն մասնակցելու համար ուխտաւորներ մեկնեցան Ս. Երկիր գլխաւորութեամբ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Պտոյտի կազմակերպիչն էր Վարդուհի Էրկիւնէշ։ Անոնք 13 Յունուար 2012, Ուրբաթ մեկնելով Ստանպուլէն հասան Թէլ Ավիվ եւ ուղղուեցան Եաֆայի (Յոպպէ) Հայոց Վանքը, ուր դիմաւորուեցան Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Աւետիս Վրդ. Իփրաճեանի կողմէ։ Ուխտաւորներ այցելեցին նաեւ Վանքի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցին, ուր տեսուչ Հայր Աւետիս Վրդ. տուաւ վանքի մասին տեղեկութիւններ եւ սոյն այցելութեան առթիւ յայտնեց իր շնորհակալութիւնը։ Ուխտաւորներ վանքին սրահին մէջ տեղի ունեցող հիւրասիրութենէ ետք մեկնեցան Երուսաղէմ ու տեղաւորուեցան իրենց հիւրանոցը։

Հին տոմարով տեղի ունեցող տարեմուտին համաձայն Ստանպուլահայ ուխտաւորներ, նոյն երեկոյեան մասնակցեցան Ժառանգաւորաց Վարժարանի ամավերջի հանդէսին ու ապա Ամանորեան ճոխ ընթրիքով մը Հիւրասիրուեցան Ս. Յակոբեանց վանքի սեղանատան մէջ։ Երգերով համեմուած սոյն ընդունելութեան զուարթ մթնոլորտին մէջ յանուն ուխտաւորաց արտայայտուեցաւ Թաթուլ Ծ. Վրդ. եւ ըսաւ, թէ «Կը գտնուինք միաբանական սեղանատան մէջ եւ այս մէկը մեզի կը յիշեցնէ միաբան բարին կարեւորութիւնը մեր կեանքէն ներս։ Այս սրահին մէջ գտնուող իւրաքանչիւր Հայ-Քրիստոնեայ կոչուած է միաբանելու իր արժէքներուն շուրջ եւ այսօր, այս բոլորին վերանորոգ մտածումներով անդրադառնալու ժամանակն է մեզի համար։ Կարեւոր չէ, թէ որ միաբանութեան մաս կը կազմենք։ Կարեւորը այն է, թէ պէտք է դառնանք թէ Հայ Ժողովուրդի եւ թէ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ հարազատ միաբաններ»։

Ուխտաւորներ, ընթրիքէն ետք համախմբուեցան Աւագ Թարգման՝ Հոգշ. Տ. Գուսան Վրդ. Ալճալեանի հիւրասրահին մէջ եւ ապա գիշերուան ուշ ժամերուն վերադարձան հիւրանոց։

Նոր Տարուան առաջին Ս. Պատարագին ներկայ գտնուող Ստանպուլահայ ուխտաւորներ Ն.Ա.Տ. Թորգոմ Պատրիարք Հօր ձեռամբ ստացան իրենց նարինջները ու մեկնեցան դէպի Հայֆա քաղաքը։ Այստեղ այցելեցին Կարմեղոս Լեռան ստորոտը գտնուող Եղիա Մարգարէի քարայրը։ Իսկ Նազարէթ քաղաքին մէջ՝ Աւետման Ս. Տաճարն ու Կանա գիւղի հարսանիքի եկեղեցին։

Յաջորդող օրերուն ուխտաւորներ ունեցան հոգեւոր ու յուզումնալից ապրումներ, այցելելով Ս. Գրային վայրեր՝ Կափառնայում, Երանեաց Լեռ, Յորդանան Գետ, Թափօր Լեռ, Փորձութեան Լեռ, Ս. Յարութեան Տաճար եւ հրաշագործութեանց այլ վայրեր։ Իւրաքանչիւր տեղւոյն մասին ստացան մանրամասն տեղեկութիւններ ու կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքները։

Իսկ, 18 Յունուար, Չորեքշաբթի ամբողջ օրը յատկացուցին Բեթղեհէմի արարողութիւններուն։ Անոնք նախ այցելեցին Հովիւներու Դաշտը եւ յետոյ դիմաւորեցին Երուսաղէմէն յամրաքայլ Բեթղեհէմ ժամանող աւանդական թափօրը։ Սոյն թափօրով մուտք գործեցին Հայոց Վանք եւ ներկայ գտնուեցան բարի գալստեան ընդունելութեան։

Յետ միջօրէին կատարուեցաւ ճրագալոյցի արարողութիւներն ու մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Ս. Ծննդեան պաշտօնական ընդունելութենէն ետք ուխտաւորներ յուզումնալից ապրումներով աղօթեցին նաեւ կէս գիշերուան «Փառք ի բարձունս»ի արարողութեան ընթացքին, որուն այս տարի եւս մասնակցեցան Պաղեստինեան իշխանութիւններ։ Ապա մատուցուեցաւ Ս. Ծննդեան Պատարագը, որուն յաջորդեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւն։

Ս. Յակոբեանց Տաճարին մէջ 20 Յունուար, Ուրբաթ մատուցուած Ս. Պատարագէն ու հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ուխտաւորներ մեկնեցան օդակայան՝ բաժնուելու համար Ս. Երկրէն եւ երեկոյեան հասան Ստանպուլ։

Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ