Պատրիարքական Աթոռէն նոր հրատարակութիւն մւ եւս. «Քայլեր դէպի Կեդրոնակամ ազգային վարժարան»

Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ հրատարակուեցաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. «Քայլեր դէպի Կեդրոնական Ազգային Վարժարան»։

Աթոռոյ 550-ամեակին առթիւ հաստատուած «Յովակիմեան Մատենաշար»էն լոյս տեսնող գրքի հեղինակն է Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, իսկ գեղեցիկ կողքը մտայղացումն է Կեդրոնականի սան Գրիգոր Սահակեանի։

Հատորի Արժանապատիւ հեղինակը 184 էջերու մէջ նախ համառօտ ակնարկ մը կը նետէ Պոլսոյ մէջ բարձրագոյն կրթութեան շարժումին, ապա կը յամենայ ԺԸ. դարու երկրորդ կիսուն վրայ եւ դիւանական փաստաթուղթերու, տեղեկագիրներու եւ ատենագրութիւններու լոյսին տակ ընթերցողը քայլ առ քայլ կ՚առաջնորդէ դէպի Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի բացումը։

Գեղատիպ գրքին մէջ պատմական ընդարձակ տեղեկութիւնները զարդարուած են նիւթին հետ առընչակից բազմաթիւ նկարներով, որոնք սկիզբ կ՚առնեն Արեւմտահայ իրականութեան կրթական ու մշակութային կեանքի ռահվիրաներէն Երանաշնորհ Յովհաննէս Բաղիշեցի Կոլոտ Պատրիարքի դիմանկարով ու վերջ կը գտնեն Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի անդրանիկ դասարանի սաներու խմբանկարով։

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Կեդրոնականի սան Մկրտիչ Արծիւեան, ի յիշատակ Նորայր-Փայլուն Արծիւեան ամոլի։

Գրքի ծանօթացման համար ի մօտոյ շնորհանդէս մը կը ծրագրուի, որմէ յետոյ փափաքողներ պիտի կարենան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։

http://www.lraper.org/main.aspx?Action=DisplayNews&NewsCode=N000003826&Lang=HAY

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ