Փընար Էրսոյ “Միլլիյէթ”ի կայքէջին մէջ հրատարակած է երկար յօդուած մը, ուր իր տպաւորութիւնները կը փոխանցէ Փարիզի մէջ զանազան հայերու հետ կատարուած խօսակցութիւններէ։ Ասոնք ընդհանրապէս 12 Սեպտեմբերէն առաջ ակամայ Թուրքիայէ հեռացած նախկին հայրենակից հայեր են, որոնք չեն կրցած մոռնալ Թուրքիան, որոնք սակայն ցաւեր ունին իրենց սրտին մէջ։ Թէեւ այս Հայերէ շատեր կողմնակից չեն Ծերակոյտին յղուած օրինագծին, բայց միւս կողմէ ալ կը զայրանան որ Թուրքիա շօշափելի քայլ մը չ՚առներ եղած անիրաւութիւնները սրբագրելու ուղղութեամբ։ Անոնցմէ մէկը մանաւանադ շատ խիստ կը խօսի ու կ՚ըսէ. “Այս երկրին մէջ Տէրսիմ եղաւ, 6-7 Սեպտեմբերը եղաւ, զինուորական հարուածներ կատարուեցան, Ունեւորութեան Տուրք գործադրուեցաւ, 800 հազար մարդ տանջանքի ենթարկուեցաւ, Թուրքիա բոլոր այս ցաւերուն համար հաշիւ պէտք է տայ”։
Բոլորն ալ կը ցաւին Անատոլուի մէջ իրենց կորսնցուցած մշակոյթին ու բարքերուն համար։ Անոնցմէ մէկը սապէս կ՚արտայայտուի.
“Մեր գլխաւոր խնդիրը 1915-ը չէ, անհետացած մշակոյթ մը կայ հիմա, Անատոլուի մէջ երկու հազար վարժարան ունէինք, Իզմիրի ու Իսթանպուլի մէջ 285 հայերէն թերթ կը հրատարակուէր։ Ասիկա սպիտակ ջարդ մըն էր որ կը հետեւէր կարմիր ջարդին”։
Ուրիշ հայ մըն ալ կը յայտնէ որ ինք կը փափաքի որ օրինագիծը վաւերացուի, որովհետեւ շատ կը բարկանայ այդ օրինագծին դէմ յառաջ քշուած պատճառաբանութիւններուն։ Թող վաւերացուի, բայց չգործադրուի, որովհետեւ եթէ գործադրուի, այս դատին ետեւէն վազող բազմաթիւ փաստաբաններ ու Թուրքեր հերոսանալ պիտի ուզեն ու պիտի թեթեւցնեն օրէնքին բովանդակութիւնը։ Ասիկա շատ լուրջ խնդիր մըն է”։
Ասոնք իրենց կեանքին ամենադժուարին որոշումը ընդունելով Թուրքիայէ հեռացեր են, Ֆրանսա եկեր են առանց բառ մը Ֆրանսերէն գիտնալու, հիմա նոր կեանք մը ստեղծեր են իրենց համար, բայց ամէն առտու իրենց առաջին գործն է նայիլ թրքական թերթերուն։
Փընար Էրսոյ այն տպաւորութիւնն ունի որ բոլորն ալ օրինագծին դէմ են, որովհետեւ արտայայտութեան ազատութիւնը պաշտպանել կ՚ուզեն, կ՚ուզեն նաեւ որ Ֆրանսա միջամուխ չըլլայ այս խնդրին, բայց Թուրքիան ալ որեւէ քայլ չառաւ, եւ ահաւասիկ Հրանդ Տինքն ալ փրթաւ գնաց մեր սիրտէն։
Երբ կը յիշեցնեն որ Հրանդին համար տասնեակ հազարաւորներ փողոց իջան, անոնք կը պատասխանեն որ ասիկա չի բաւեր որովհետեւ այս երկրին մէջ 800 հազար հոգի տանջանքի ենթարկուեցաւ։ Բոլոր անոնց ալ հաշիւը եթէ հարցուի, ինչպէս կը հարցուի Հրանդ Տինքին համար, այն ատեն է որ Թուրքիոյ Պետութիւնը իրաւ պետութիւն կը դառնայ։
Ֆրանսայի հայերը կ՚ըսեն որ այս բոլորը ազդեցութիւն չեն գործեր իրենց քուէներուն վրայ, յայտնի է արդէն թէ իրենք որու ի նպաստ պիտի քուէարկեն։
Եդուարդ անուն հայ մը կը պատմէ որ ան իր մանկութեան ընթացքին իր մօրմէն իմացաւ միայն տեղահանութեան պատմութիւն, այլ երբեք հէքեաթ մը։ Մանուկ մը ի՞նչպէս կը մեծնայ մէկ հատ իսկ հէքեաթ չիմանալով իր մօրը բերնէն։
Իսկ Յակոբ անուն Ֆրանսահայ մըն ալ կը պատմէ որ իր մեծ մայրը մինչեւ իր մահը մէկ օր իսկ չխնդաց։ Իր աչքերուն առջեւ գետ նետած էին իր երախան ու ան անկէ վերջ միշտ պատուհանէն կը նայէր ու կը սպասէր իր անհետացած զաւկին։
Յակոբ կ՚ըսէ որ այս տարիքէն վերջ ան հիմա կ՚ուզէ երթալ ու ապրիլ Գըզըլըրմաքի ափերուն վրայ, ինք հող կամ թափու եւայլն պիտի չպահանջէ, միայն թէ հոն ապրիլ պիտի ուզէ։
Անոնք կը պատմեն որ Թուրքիոյ մէջ եթէ պաշտօնական գրասենեակի մը առջեւ իրենց անունը տային, դիմացինները կը հարցնէին. “Այս անուններէն չկրցա՞նք ազատիլ տակաւին”։ Մինչդեռ Ֆրանսայի մէջ ոչ մէկուն հոգն է թէ իրենք հայ են կամ ինչ անուն ունին։ Ուստի Թուրքիոյ մէջ անոնք վախով դողով կ՚ապրէին։
Եդուարդ, անդրադառնալով 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն, կը պատմէ որ ինք մօտաւորապէս եօթը տարեկան էր ու կը յիշէր որ ամբողջ հինգ ժամ մահուան սպասած էին իրենց տան մէջ։ Յետոյ դրացի Շապան Էֆէնտի բեռնակառքով մը եկաւ ու պարպեց անոնց տունը, ամէն ինչ առաւ-տարաւ։ Անկէ վերջ ալ ան դարձաւ յարգելի անձնաւորութիւն։
http://www.normarmara.com/marmara.htm
Leave a Reply