Թուրքիոյ նախագահը խոստացած է խիստ միջոցներ ձեռք առնել Ֆրանսայի նկատմամբ

Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլ արձագանգած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան քրէականացումը հերքող օրէնքի ընդունման` շեշտելով, որ ան բոլորովին այլ հունի մէջ կը դնէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները:

«Թուրքիա կը ցաւի երկու երկիրներու յարաբերութիւնները հարուածի տակ դնող օրէնքի ընդունման համար: Ֆրանսա դարձաւ այն երկրներէն մէկը, ուր կը սահմանափակուի մտքի ազատութիւնը», – ըսած է Կիւլ:

Ան յոյս յայտնած է, որ Ծերակոյտի 60 անդամներ կը դիմեն սահմանադրական դատարան, որպէսզի «մաքրեն ֆրանսական ժողովրդավարութեան բիծը»:

Թրքական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ` Կիւլ նաեւ խոստացած է «խիստ միջոցներ ձեռք առնել Ֆրանսայի նկատմամբ»: 

http://tert.am/hy/news/2012/01/24/gul-senate/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ