Հպարտ եմ այսպիսի օրինագիծի մը հեղինակը ըլլալուն. Վալերի Պոյեր չէ կրցած արցունքները զսպել

Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականագանող օրինագիծի հեղինակ, Ժողովրդական Շարժում կուսակցութեան պատգամաւոր Վալերի Պոյէր, Ծերակոյտին կողմէ օրինագիծին ընդունումէն ետք չկրցաւ իր արցունքները զսպել։ Այս մասին կը գրէ թրքական «Միլլիէթ» թերթը:

Լրատուամիջոցներուն ըրած իր յայտարարութեան մէջ Պոյէր ըսած է, որ հպարտ կը զգայ այսպիսի օրինագիծի մը հեղինակը ըլլալուն համար:

Ծերակոյտին կողմէ հայկական օրինագիծին ընդունումէն ետք Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու ըսած է, թէ «Շատ սխալ որոշում էր: Ասոր պատասխանատուն մենք չենք: Մենք մեր ձեռքէն եկածը ըրինք»:

Այն հարցումին, թէ ինք խորհրդակցութիւններու համար կրնայ Թուրքիա կանչուիլ, Պուրճուօղլու պատասխանած է՝ այդ ալ տարբերակներէն մէկն է:

http://tert.am/hy/news/2012/01/24/valeri/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ