Իսհաք Ալաթոնի նամակը` թրքական «Ռատիքալ» թերթի թղթակցին

«Ես այլեւս չեմ կրնար շնչել»

Թրքական «Ռատիքալ» թերթի աշխատակից Էյիուպ Ճան, անցեալ շաբաթ կը գրէր որ նախանցեալ  շաբաթ իր կողմէ ստորագրուած «Լաւ, բայց ի՞նչ պիտի ըլլայ ձուլման մեր քաղաքականութիւնը» խորագրով գրութեան որպէս պատասխան, Իսհաք Ալաթոնէ ստացած է «Ես այլեւս չեմ կրնար շնչել» խորագիրով պատասխան նամակ մը։

Այդ նամակին մէջ Իսհաք Ալաթոն գրած է.

«Սիրելի բարեկամներ,

2015ին երեք տարի մնաց…։

Երեք տարին ջուրի պէս կ՛անցնի։

Երբ ճամբայ ելած ենք դէպի 24 Ապրիլ 2015, փոխանակ հետեւելու յանկերգի վերածուած ուրացման քաղաքականութեան ճամբուն եւ փախուստի ծակեր փնտռելու, տարբեր դիրքաւորում մը որդեգրենք։

Կանխաւ գործի ձեռնարկենք եւ ցուլը իր կոտոշներէն բռնելու համար կազմակերպուինք։

Ամօթ է այլեւս…։

Ես յոգնեցայ այլեւս իր անցեալին հետ երես առ երես գալէ վախցող, թերաճ, խանձած մանուկներու նման վարուելէ։

Բարձրացնենք մեր ձայնը։ Մեր պարտքն է յետագայ սերունդներուն փոխանցել յարգանքի արժանի երկրի մը եւ հաւաքականութեան մը պատկանած ըլլալու պատիւը։

Իննսուն տարիներու ընթացքին անհամար մեղքեր գործեցինք։ Կմախքները պահարաններու մէջ դիզելով՝ դռները կղպեցինք։

Իննսուն տարիէ ի վեր մեր գլուխը աւազին մէջ թաղած՝ աշխարհը կոյր եւ խուլ կարծեցինք։

Իրականութիւններուն հետ դէմ առ դէմ գալէ վախցանք։ Մեզի վախնալ սորվեցուցին։ Կմախքները պահարաններու մէջ փտեցան, անոնցմէ դուրս տարածուած հոտերը անդիմադրելի դարձան։

Ես այլեւս չեմ կրնար շնչել. հապա դո՞ւք։

Գոնէ մեր Պուլկարիոյ փոքրիկ դրացիի խորհրդարանէն դաս քաղենք։

Ես նախանձեցայ Պուլկարիոյ խորհրդարանէն, որ խոստովանեցաւ, որ անցեալի մէջ թուրքերու դէմ անգութ վերաբերում ցոյց տուած է։ Անոնք բարձրացան իմ աչքին դիմաց, արժէք ստացան։ Ես ներեցի պուլկարացիները, որոնք մեզի դէմ անցեալին մե՛ղք գործեցին։ Պուլկար ամբողջ ժողովուրդը յանցաւոր նկատելու մասին չմտածեցի։

Եկէ՛ք մենք ալ մեր ձայնը լսելի դարձնենք Անգարայի խորհրդարանին։ Թող անոնք ազգին ձայնը իրենց կուսակցութիւններու վարչութիւններուն լսելի՛ դարձնեն։ Թող օժանդակեն մեզի, որպէսզի  բանա՛նք կմախքներով լեցուն պահարաններու դռները։

Մեզի վայել ձեւով յուղարկաւորութեան արարողութիւններ կատարենք եւ մէկ վայրկեան յարգանքի լռութեամբ մեր մեղքերը թօթափե՛նք մեր ուսերէն եւ սրբագործուինք։

Այսպէս, հաշտուինք մեր անցեալին հետ, զոհերու հոգիներուն խաղաղութիւն խնդրենք։ Փափաքողներ, անոնց գերեզմաններուն վրայ թող մեխակներ ձգեն։

Լիսէի իմ փիլիսոփայութեան ուսուցիչս կ՛ըսէր. «Հայրերու մեղքերը իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն ուսերուն վրայ բեռցնելը՝ արդար մարդու վայել չէ»։

Յաւիտենական կեանք անցած քանի մը մարդու մեղքերուն հաշիւը ո՛չ մէկը կը հարցնէ մեզի։

Քաջութենէ զուրկ, իրականութիւններէն խոյս տուող հաւաքականութեան մը անդամը ըլլալէ յոգնեցա՛յ այլեւս։

Ես այլեւս յարգանքի արժանանալ կ՛ուզեմ։

Յարգանքին շա՛տ կարեւորութիւն կու տամ։

Օգնեցէ՛ք ինծի»։

«ԱՍՊԱՐԷԶ»- Իսհաք Ալաթոն թրքական մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկուն՝ «Ալարքոն Հոլտինկ»ի գլխաւոր տնօրէնն է:

http://asbarez.com/arm/120895/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ