Այն, ինչ պետականօրէն հաստատուած ճշմարտութիւն է Ֆրանսայի մէջ, պետականօրէն հաստատուած սուտ է Թուրքիոյ մէջ… Guardian

Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծի ընդունման անդրադարձած է նաեւ բրիտանական հեղինակաւոր Guardian պարբերականը: «Յաջորդ Երկուշաբթի Ֆրանսայի Ծերակոյտը քուէարկութեան պիտի դնէ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի օրէնսդրութեամբ ճանչցուած միւս ցեղասպանութիւններու ժխտումը (Ֆրանսան Հայոց Ցեղասպանութենէն բացի ճանչցած է նաեւ հրէաներու ցեղասպանութիւնը` Հոլոքոստը, որուն ժխտումը արդէն իսկ կը քրէականացուի Ֆրանսայի մէջ– Tert.am) քրէականացնելու մասին օրինագիծը: Օրինագիծը արդէն իսկ արժանացած է Ֆրանսայի խորհրդարանի Ստորին պալատի` Ազգային ժողովի հաւանութեան»,- կը գրէ պարբերականի յօդուածագիրը եւ կ’աւելցնէ,- «Ծերակոյտը պէտք է մերժէ այդ օրինագիծը` յանուն խօսքի ազատութեան, պատմական փաստերու ուսումնասիրութեան ազատութեան, Մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու մասին 1789ի շրջադարձային նշանակութեան ֆրանսական հռչակագիրի 11րդ յօդուածի («Մտքի եւ կարծիքի ազատ արտայայտումը ամենաարժէքաւոր իրաւունքներէն մէկն է»):

«Հարցը այն չէ, թէ արդեօք հայերուն դէմ Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին տարիներուն իրականացուած վայրագութիւնները սոսկալի էին, կամ արդեօք անոնք պէտք է պահպանուին թրքական կամ եւրոպական յիշողութեան մէջ. անոնք յիշուած են եւ պէտք է յիշուին: Հարցը այստեղ այն է, թէ Ֆրանսայի կամ այլ երկրի մը օրէնքով պէտք է արդեօք յանցագործութիւն համարուի վիճարկումը, թէ այդ զարհուրելի իրադարձութիւնները արդեօք ցեղասպանութիւն կը հանդիսանան` միջազգային իրաւունքին մէջ առկայ համապատասխան եզրոյթի իմաստով… եւ արդեօք Ֆրանսայի խորհրդարանը իրաւասու է դատաւորի դերով հանդէս գալու աշխարհի մէջ տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւններու հարցով եւ վճիռներ կայացնէ միւս ժողովուրդներու անցեալի արարքներուն համար: Պատասխանը մէկն է` ո՛չ եւ ո՛չ»,– ըսուածէ յօդուածին մէջ:

Վերլուծաբանը այնուհետեւ կը գրէ, որ օրինագիծը, ընդունուելու պարագային, պիտի քրէականացնէ ոչ միայն 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը, այլեւ ցեղասպանութեան զոհ դարձած անձերու քանակի նուազումը. «Եթէ թրքական կողմը կը կարծէ, որ մօտ 500.000 հայ զոհուած է, իսկ հայկական կողմը` 1,5 միլիոն, ուրեմն ինչը քանակի նուազում պիտի համարուի` 547.000ը»,– հռետորական հարց կ’ուղղէ յօդուածագիրը եւ կ’աւելցնէ,– «Եւ արդեօք Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեբ Թայիբ էրտողան նման «նուազեցման» համար Ֆրանսա կատարելիք իր յաջորդ այցին ժամանակ պէտք է ձերբակալուի (օրինագիծը 45.000 եուրօ տուգանք կը նախատեսուի եւ մէկ տարուան ազատազրկում)»:

Յօդուածագիրը կը նշէ, որ օրինագիծին ընդունումը «այլ նպատակներ կը հետապնդէ»: «Ակնյայտ փոխկապակցուածութիւն կայ Ֆրանսայի խորհրդարան ներակայացուած այդ առաջարկին եւ այդ երկրին մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն միջեւ, ուր նշանակալից դեր պիտի խաղան մօտ կէս միլիոն հայ ընտրողները: 2001ին Ֆրանսայի օրէնսդրութեամբ հայերուն հետ կատարուածը ցեղասպանութիւն ճանչցուեցաւ` նախահագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ: Այս օրէնքին նման օրէնք մըն ալ Ստորին պալատին կողմէ ընդունուեցաւ 2006ին (Վերին պալատին կողմէ աւելի ուշ մերժուեց)` 2007ին ընտրութիւններու նախաշեմին: Եւ ինչ տեղի կ’ունենայ այս տարի` այո, ընտրութիւններ»,–ըսուած է յօդուածին մէջ:

Վերլուծաբանը կ’աւելցնէ, որ Նիքոլա Սարքոզիի գլխաւորած «Միութիւն յանուն ժողովրդական շարժման» կուսակցութեան յառաջատար բոլոր ներկայացուցիչներէն բոլորը չեն, որ կը պաշտպանեն իրենց կուսակից ընկերոջ` Վալերի Պուայէի կողմէ ներկայացուած այդ օրինագիծը: «Արտաքին գործնական նախարար Ալեն Ժիւփէ դէմ է այդ օրէնքին, սակայն այն պատճառով, որ մտահոգութիւն ունի, թէ այդ օրէնքը բացասաբար պիտի ազդէ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութուններուն վրայ»,– կը գրէ ան:

«Այն, ինչ պետականօրէն հաստատուած ճշմարտութիւն է Ֆրանսայի մէջ, պետականօրէն հաստատուած սուտ է Թուրքիոյ մէջ….: Այդ հարցին առնչութեամբ Թուրքիոյ կառավարութեան կոշտ արձագանգը կանխատեսելի էր: Պաշտօնական Անգարան, ի նշան բողոքի, ետ կանչեց իր դեսպանը, իսկ Էրտողան ըսաւ, որ Ալճերիոյ բնակչութեան 15 տոկոսը 1945ին ոչնչացուած է ֆրանսացիներուն կողմէ: Ատիկա ցեղասպանութիւն է»,– Էրտողանի խօսքերը կը մէջբերէ հեղինակը եւ կ’ընդգծէ, որ նման ողբերգութիւնները պատմական ազատ ուսումնասիրութիւններու եւ յիշատակի թեմա պէտք է ըլլան, անոնք, սակայն, քաղաքական խարդախութեան առարկայ դարձած են:

 http://tert.am/hy/news/2012/01/21/guardian/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ