Թուրք յայտնի լրագրող, հաղորդավար եւ գրող Ահմէթ Հաքան երէկուան իր հաղորդումին մէջ ըսած է թէ «ինք հայ է»: Անդրադառնալով Twitterի իր էջին վրայ դրած` «Մենք բոլոս հայ ենք» արտայատութեան՝ իբրեւ հակադարձ թուրք ազգայնականներու կողմէ ստացած է բազմաթիւ հակազդեցութիւններ, իսկ անոր իբրեւ պատասխան` ան գրած է, թէ ինք ուղիթ եթերով պիտի յայտարարէ, որ ինք հայ է: Այս մասին կը նշէ «Միլիյէթ»ը։
Հաքան «CNN Turk» հեռուստաալիքէն իր հեղինակային «Չէզոք Գօտի» հաղորդումը վարելու ընթացքին երէկ խօսած է Տինքի սպանութեան եւ դատավճիռին մասին, ապա անդրադարձած՝ Twitterի մէջ իր հասցէին եղած քննադատութիւններուն:
«Տինքի դատավճիռէն ետք գրեցին, թէ ՝ «Տինքը ո՞վ է որ», «Երեխային ցկեանս բանտարկութիւն տուին, դեռ ի՞նչ կ’ուզեն», իսկ ես պատասխանեցի, որ «մենք բոլորս հայ ենք», որմէ ետք անհաւատալի քննադատութիւններ ստացայ: Մէկ բան հասկցայ, որ մեր հասարակութեան մէջ «հայ» բառը իբրեւ անարգանք, իբրեւ հայհոյանք ընկալուած է: Մէկուն հայ ես ըսելը մեծ վիրաւորանք է, «դուն հա՞յ ես» հարցումը իբրեւ հայհոյանք կը հարցուի: Ես ալ այս բոլորին համար այստեղ ուղիղ եթերով կ’ըսեմ, թէ ես հայ եմ: Ինծի կը հարցնեն, թէ դուն կրնա՞ս Երեւանի մէջ բարձրաձայն ըսել, թէ ես թուրք եմ, եթէ չկարենամ, ատիկա իրենց ամօթն է, իսկ եթէ Սթամպուլի մէջ «ես հայ եմ» պիտի կարենամ ըսել, ատիկա Սթամպուլի պատիւը կ’ըլլայ»,- ըսած է Հաքան։
Յիշեցնենք, որ Ահմէթ Հաքան աշխատակցած է թրքական տարբեր թեթերու եւ հեռուստաալիքներու հետ, ինչպէս՝ Yeni Safak, Sabah, Hurriyet թեթերու եւ Canal7, CNN Turk հեռուստաալիքներուն:
Leave a Reply