Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս դաջուածքները» կը քննադատուի Թուրքիոյ մէջ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, թէ «Ճազիրա» կայանէն անցեալ շաբաթ սկսած է սփռուելու «գայթակղեցուցիչ»ժապաւէն մը։ 

Ըստ այդ լրատուամիջոցներուն՝ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութեանց ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի վաւերացումէն ետք, այս անգամ «Ճազիրա»ն է, որ հարուած մը հասցուց Թուրքիոյ եւ սկսաւ սփռելու Սիւզան Խարտալեանի կողմէ պատրաստուած «Տատիկիս դաջուածքները» վաւերագրական ժապաւէնը:

Այս ֆիլմը պատրաստուած է 2011ին Շուէտի մէջ եւ Յունուար 11էն սկսեալ մինչեւ Յունուար 18՝ սփռուած է նշեալ արաբական կայանի անգլերէն հաղորդումներու բաժինով, «Վկայ» անուն հաղորդաշարի շրջագիծէն ներս։

Թրքական մամուլը կը գրէ, որ Սիւզան Խարտալեանի ժապաւէնը «միակողմանի» է, «խտրական մօտեցումներ» կը ցոլացնէ ու Հայոց Ցեղասպանութեան քարոզչութիւնը կը կատարէ։

Կ՛ակնկալուի, որ Թուրքիոյ մէջ աղմուկ բարձրանայ Ցեղասպանութեան մասին այս նոր ժապաւէնին շուրջ, ուր թուրքերը կը ներկայացուին իբրեւ ցեղասպան, անգութ եւ անխիղճ ժողովուրդ մը։

Ինչպէս ծանօթ է, «Ճազիրա» կայանի կեդրոնը կը գտնուի Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ, եւ թրքական լրատուամիջոցները ու հանրային կարծիքը անհանգիստ են վերջերս այդ կայանին կողմէ Թուրքիոյ դէմ բացուած «արշաւէն»։ Կայանը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան «ահաբեկիչները» կը ներկայացնէ իբրեւ «քիւրտ ռազմիկ»ներ, իսկ «Տատիկիս դաջուածքներ»ը, իր կարգին, նոր հարցականներ կը բանայ։

Գաղտնիք չէ, որ 2011ի «արաբական զարթօնքէն» ետք, արաբական աշխարհը աչքէ կ՛անցընէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, բայց հարցում մը խնդրոյ առարկայ կը մնայ. արդեօք արաբական աշխարհը «Ճազիրա»ի միջոցա՞ւ կը փորձէ պատգամ մը ուղղել Թուրքիոյ, որ իր տնտեսութեամբ ու արտաքին քաղաքականութեամբ առաջատար դիրք ունի տարածաշրջանին մէջ։

«Ճազիրա»ի այս քայլով, հաւանաբար, ջուր պիտի իյնայ նաեւ «Ճազիրա-Թիւրք» կայանը բանալու ծրագիրը:

Նշենք, որ Սիւզան Խարտալեան ամերիկահայ թերթի մը տուած հարցազրոյցին ընթացքին մեծ յաջողութիւն նկատած էր «Ճազիրա»էն իր ժապաւէնին սփռումը։

http://asbarez.com/arm/120472/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ