Ամէն ինչ հոս վերջացած չէ. Էրտողան Հ. Տինքի սպանութեան դատավճիռին մասին

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան վճիռին վերաբերեալ «Canal D» հեռուստաալիքին լրագրող Մէհմէտ Ալի Պիրանտի հարցումներուն պատասխաննելով՝ ըսած է, թէ հասարակութեան մօտ անհանգստութիւն կայ, բայց այս վճիռը վերջնական չէ, ասկէ ետք անշուշտ բողոքարկման փուլը կայ: Այս մասին կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները։

Վերաքննիչը այս որոշումէն շատ տարբեր որոշում մը կրնայ տալ: «Այդ հանգրուանին ինչ կրնայ տեղի ունենալ առայժմ դժուար է ըսել: Իսկ այս պահուն ճիշդ չէ մեկնաբանել, բայց ամէն ինչ հոս վերջացած չէ. պէտք է հետեւինք բողոքարկման գորընթացին: Մաղթանքս է, որ այդ հանգրուանին արդարութիւնը իր տեղը կը գտնէ»,- ըսած է Էրտողան:

Իսկ այն հարցին, թէ վճիռէն գոհ է կամ ոչ՝ Էրտողան պատասխանած է, ըսելով, որ սպանութեան դէպքէն 32 ժամ ետք ոճրագործը ձերբակալուած է։ «Կառավարութիւնը դէպքին գծով իրմէ պահանջուածը կատարած է: Մահապատիժի օրէնք չըլլալուն համար ոճրագործին տարբեր պատիժ կարելի չէր սահմանել»,- ըսած է ան:

http://tert.am/hy/news/2012/01/19/hrant-tink/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ