Պետրոս Դուրեանի գանկի մասունքներուն շուրջ կրքերը կը թեժանան

Պետրոս Դուրեանի գանկի մասունքներուն քանի մը տարուան դեգերումներուն եւ անոր շուրջ արուեստագէտներու կողմէ ծաւալող բանավէճին վերջ պիտի դրուի մինչեւ գարուն. անիկա պիտի ամփոփուի Կոմիտասի անուան պանթէոնի պատի խորշին մէջ:

Ներկայիս մշակոյթի նախարարութիւնը կը փնտռէ քանդակագործ, որ երեք տող պէտք է փորագրէ մեծ բանաստեղծի յուշատախտակին վրայ. Պետրոս Դուրեան, ծննդեան եւ մահուան տարեթիւեր` 1851-1872 եւ «Մասունք»:

Այս մասին Tert.am-ին տեղեկացուց Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեան:

Յիշեցնենք, որ արեւմտահայ մեծ բանաստեղծի մասունքները Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարան յայտնուեցան քանի մը տարի առաջ, երբ Պոլսոյ պատրիարքարանը, ուր ի պահ տրուած էր 1959-ին Սկիւտարի գերեզմանատան մէջ թաղուած բանաստեղծի գանկը, առանձնացուց եւ Հայաստան ուղարկեց Դուրեանի գանկի բեկորները` Պոլսոյ նախկին պատրիարք Գարեգին արքեպիսկոպոս Խաչատուրեանի կամքին համաձայն:

Այնուհետեւ Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ քանի մը անգամ Գրողներու միութեան, թանգարանի, անհատ արուեստագէտներու, Մայր աթոռի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցան աղմկոտ, բայց` անպտուղ բանավէճեր այն մասին, թէ ի վերջոյ ուր պէտք է ամփոփուին Դուրեանի մասունքները: Ի դէպ` Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ քննարկումներու ժամանակ սեղանին կը դրուէին Դուրեանի մասունքները:

Այսօրուան մամուլին մէջ տեղեկատւութիւն կար այն մասին, որ չնայած Գրողներու միութեան եւ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի բացասական դիրքորոշման` Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան որոշած է բանաստեղծի մասունքները զմռսել Պանթէոնի պատին մէջ: Ասիկա, ըստ մամուլին, կը հակադրուի նաեւ քրիստոնէական աւանդոյթներուն, որոնք զմռսելու կարգ չունին:

Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան Tert.am-ին տեղեկացուց, որ Մշակոյթի նախարարութիւնը նման որոշում կայացուց՝ ԳՄ նախագահութեան նիստին դրական եզրակացութեան հիմքին վրայ:

«Այս հարցով նախագահութեան առանձին նիստ հրաւիրեցինք, քննարկեցինք, կարծիքները տարբեր էին, բայց ընդհանուր որոշումը դրական էր, քանի որ բոլորն էլ գտնում էին, որ Պետրոս Դուրեանի մասունքները չպէտք է դեգերեն»,- ըսաւ Լեւոն Անանեան: Վերջինիս տեղեկութիւններով` Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ ժամանակին տեղադրուած պատը` իր խորշերով, նախատեսուած եղած է նման դէպքերու համար:

Նշենք, որ որոշման համար հիմք հանդիսացած է նաեւ Պոլսոյ թեմի կարծիքը: «Իրենք գրեցին, որ Դուրեանի գանկի բեկորները հողին յանձնելու փոխարէն աւելի լաւ է, որ ամփոփուեն պատում, որպէսզի բանաստեղծը չունենայ երկու գերեզման»,- պատմեց Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեան , որուն անմիջական նախաձեռնութեամբ 2009-ին կազմակերպուած են Դուրեանի մասունքներու յետագայ ճակատագիրին վերաբերեալ քննարկումները: Վարդանեան քանի մը տարբերակներ ներկայացուցած է արուեստագէտներուն, սակայն բոլորին վերաբերեալ կարծիքները կիսուած են կամ ստացած են երկու-երէք ձայն: «Մէկը` ամփոփել Կոմիտասի անուան պանթէոնում, միւսը` Երեւանի Աւանի Դուրեան թաղամասում բանաստեղծի կիսանդրու մօտ եւ երրորդը` «ղալաթ» էինք արել եւ բերելով Սկիւտարից, տանէինք պատուով վերաթաղէինք»,- ըսաւ թանգարանի տնօրէնը:

Այնպէս որ, անոր ամփոփումով` այս փակուղային իրավիճակին մէջ ամենաիրատեսականը պատին մէջ ամփոփելու տարբերակն էր: Մանաւանդ որ, ինչպէս նշեց Կարօ Վարդանեան, այս ձգձգուող բանավէճը կարծես սկսած էր անարգել բանաստեղծի յիշատակը: «Ով ասես. գրականութեան հետ որեւէ կապ չունեցող մարդիկ էին սկսել կառչել Դուրեանի փէշերից»,- նկատեց Վարդանեան:

Այնուամենայնիւ, բազմաթիւ անհատ մտաւորականներ այս քառակողմ որոշումը չեն կիսեր:

Արձակագիր, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Ալվարդ Պետրոսեանի համար, օրինակ, անհասկանալի է մեկնաբանութիւնը, թէ բանաստեղծը պիտի չունենայ երկու գերեզման: «Իսկ Սարոյեանի գերեզմանը… Թումանեանի գերեզմանը: Չեմ կարծում, որ սա ճիշդ որոշում է»,-ըսաւ Ալվարդ Պետրոսեան: Անոր խօսքով` մարդիկ ոչ թէ Սարոյեանի կամ Թումանեանի գերեզմանին կ’երթան, այլ «իրենց կ’այցելեն»:

Բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեանն ալ յիշեց Սարոյեանի օրինակը` ըսելով. «Սարոյեանը ուզեց, որ իր սրտի կէսը մնայ Ֆրեզնոյում, միւս կէսը` այստեղ Հայաստանում թաղուի, իսկ աճիւնի մի մասն էլ շաղ տրուի ովկիանոսում»:

Բայցեւ` Ռազմիկ Դաւոյեանի համար ընդունելի է նաեւ Դուրեանի աճիւնին` Պանթէոնի մէջ ամփեփուելու տարբերակը:

http://tert.am/hy/news/2012/01/18/petros-duryan/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ